Ատրպէյճան անիրատեսական եւ անընդունելի կը համարէ Հայաստանի առաջարկը խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, ուր դեռ համաձայնեցուած չեն քանի մը կարեւոր յօդուածներ։ Այս մասին Berliner Zeitung-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գիծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով։
Ամիրպեքով, պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ ինչպէս Պաքուն կը վերաբերի այն յայտարարութեան, որ Հայաստան պատրաստ է նոյնիսկ վաղը խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ, ընդգծած է, որ կը կասկածի այս յայտարարութեան անկեղծութեան։
«Նոյնիսկ վաղը անաւարտ, կիսատ համաձայնագիրի ստորագրման առաջարկը ոչ միայն անիրատեսական է եւ անընդունելի, այլեւ ապակողմնորոշող։ Կողմերը դեռ պէտք է համաձայնեցնեն պայմանագիրի նախագիծի քանի մը կարեւոր դրոյթ, որոնք բաց են, առանց որոնց փաստաթուղթը կ'ըլլայ կոպիտ եւ թերի»,- ըսած է ան։
Ամիրպեքովի խօսքով՝ խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին հիմնական խոչընդոտը «Հայաստանի դեռ գոյութիւն ունեցող տարածքային պահանջներն են Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանաչուած ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ՝ արտացոլուած Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ», եւ «այս հիմնական խնդիրն անտեսելը հաւասարազօր է սենեակը գտնուող փիղը չնկատելուն»:
«Հայաստան կը ցանկայ մոլորութեան մէջ ձգել միջազգային հանրութիւնը՝ ստեղծելով թիւր տպաւորութիւն, թէ իբր կառուցողականօրէն ներգրաւուած է խաղաղութեան գործընթացին մէջ, բայց իրականութեան մէջ՝ ժամանակ կը ձգձգէ եւ խաղաղութեան գործընթացը կը տանի դէպի փակուղի։ Ակնյայտ է, որ Հայաստան սկսաւ անսահմանափակ քանակութեամբ դիւանագիտական, տնտեսական եւ ռազմական օգնութիւն ստանալ Արեւմուտքէն՝ ԵՄ-էն, ԱՄՆ-էն եւ ԵՄ անդամ առանձին երկիրներէ, ան կորսնցուց բանակցութիւններուն կառուցողականօրէն մասնակցելու բոլոր հետաքրքրութիւնները, եւ կարծես թէ, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնիլն այլեւս անոր համար առաջնահերթութիւն չէ»,- ընդգծած է ան։
Ամիրպեքով, պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ արդիւնքի հասնիլն արագացնելու համար կողմերը պայմանաւորուա՞ծ են «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման հարցը դուրս հանելու խաղաղ համաձայնագիրի շրջանակներէն, եւ արդեօք, հնարաւո՞ր է նոյն կերպով յետաձգել Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն յետոյ, Ամիրպեքով նշած է, որ «բացարձակապէս սխալ է զուգահեռ բանալ այս երկու հարցերու միջեւ, քանի որ անոնք բոլորովին տարբեր են իրենց կարեւորութեամբ՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»։
«Եթէ Սահմանադրութիւնը ձգենք ներկայ տեսքով, ապա խաղաղութեան պայմանագիրը կարճատեւ պիտի ըլլայ, քանի որ Հայաստանի ցանկացած նոր ղեկավարութիւն, որ դէմ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան, պարզապէս չեղեալ պիտի համարէ այն՝ պատճառաբանելով համաձայնագիրի անհամապատասխանութիւնն ամենաբարձր իրաւական ուժ ունեցող Սահմանադրութեան։ Այսինքն՝ Ատրպէյճան կը ցանկայ խաղաղութիւն կնքել ոչ թէ վարչապետ Փաշինեանի, այլ Հայաստանի հետ»,- ընդգծած է ան։
Ըստ Ամիրպեքովի՝ Ատրպէյճանը չի կրնար իրաւական բացեր ձգել, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան յանգեցնել հակամարտութեան վերակենդանացման եւ նոր ողբերգութիւններու, «հետեւաբար պէտք է վերացնել հայ-ատրպէյճանական երկարատեւ առճակատման բուն պատճառը»: Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցքին», ապա Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչը աւելցուցած է, որ պաշտօնական Պաքուն դեռ մեծ նշանակութիւն կու տայ անոր բացման։
«Սակայն, համաձայնելով այն դուրս հանելուն խաղաղութեան համաձայնագիրի շրջանակներէն, Ատրպէյճան չի ցանկար խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները տապալելու համար քննադատութեան արժանանալ»,- ընդգծած է Ամիրպեքով։