Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ եթէ Հայաստան փոխանցէ ԼՂ-ի մէջ ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէզները, ապա Պաքուն անոր «համարժէք» պատասխան պիտի տայ:
Սպանական EFE գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Ալիեւ նշած է. «Մեր պահանջն է, որ Հայաստանը մեզի փոխանցէ ԼՂ-ի մէջ ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէզները, որոնց մէջ ոչ թէ նշուած կ'ըլլան ականապատ տարածքները. այնտեղ բացարձակապէս ամէնուր ականապատ է, այլ այն ճշգրիտ հատուածները, ուր այդ ականները տեղադրուած են: Անոնք այդպիսի քարտէզներ ունին: Եթէ Հայաստանը այդ ընէ, եթէ բարի կամք դրսեւորէ, մենք անոր համարժէք պիտի պատասխանենք», ըսած է ան:
Ալիեւի համոզմամբ` խօսքը հարիւր հազարաւոր ականներու մասին է, որ տեղադրուած են Արցախի` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան անցած տարածքներուն մէջ:
Ատրպէյճանի նախագահը դժգոհած է, որ «Հայաստան նման քարտէզներ չէ փոխանցած», որուն հետեւանքով պատերազմի աւարտէն ի վեր ատրպէյճանցի 150 զինուորականներ ու քաղաքայիններ վիրաւորում ստացած կամ մահացած են: