image

Արնուվիլի մէջ նշուած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան տարեդարձը

Արնուվիլի  մէջ  նշուած է  Հայ  Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան տարեդարձը

Ֆրանսայի Արնուվիլ քաղաքին  մէջ  նշուած է   Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան  տարեդարձը (1846):Նախատեսուած էին գեղարուեստական եւ մշակութային հարուստ յայտագրեր որոշ համայնքներու համար, ինչ որ պարագան էր նաեւ Արնուվիլի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ: Արարողութեան   պատգամով  հանդէս եկած է Վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան:  Ան մասնաւորապէս ըսած է ՝ «Այսօր, ուզեցի ցոյց տալ, որ մենք՝ Հայերս կապուած ենք մեր արմատներուն եւ մեր ինքնութեան, սակայն նաեւ մենք թեւաբաց կ՚ընդունինք միւս մշակոյթները, ոչ թէ անոնց մէջ ձուլուելու համար, այլ՝ մեր լեզուն, մեր մշակոյթն ու մեր երեք հազարամեայ պատմութիւնը միւսներուն ծանօթացնելու համար», Վեր. Լեւոնեան,   նաեւ  ըսած է, որ 2000 թուականէն սկսեալ   իրենք  որոշած են, որ փոխանակ սահմանուելու լոկ հայկական շրջանակի մէջ, անհրաժեշտ է բացուիլ միւս մշակոյթներուն, միւս ժողովուրդներուն:

 

Լուրը ՝ «Նոր Յառաջ»էն