image

Արմէն Գրիգորեան-Դեսպան Քոփիրքին քննարկում

Արմէն Գրիգորեան-Դեսպան Քոփիրքին քննարկում

Նոյեմբեր 16-ին ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինին:

ՀՀ ԱԽ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ հանդիպման առանցքին եղած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրադրութիւնը: Այս ծիրին մէջ կողմերը շեշտած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացը շուտափոյթ սկսելու անհրաժեշտութիւնը:

Զրուցակիցները վերահաստատած են աւելի վաղ ձեռքբերուած համաձայնութեան ամբողջական իրականացումը, այն է՝ ռազմագերիներու փոխանակում՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» ձեւաչափով: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հաղորդակցման ուղիներու ապաշրջափակման հարցին: