image

Արցախի ճանապարհներու հարցով Շառլ Միշել առաջարկով հանդէս եկաւ

Արցախի ճանապարհներու հարցով Շառլ Միշել  առաջարկով հանդէս եկաւ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը արագօրէն կը վատթարանայ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը տեղի բնակչութեան կարիքները բաւարարելու ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ։ Այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահի մամուլի խօսնակը, հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Շառլ Միշելը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ քննարկած է Լաչինի միջանցքի վերաբացման եւ Աղտամի ճանապարհի բացման հարցերը եւ իւրաքանչիւր ճանապարհով մատակարարումներու հետ կապուած մանրամասները․ «Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Քլաարը եւ նախագահ Միշելի խումբը յաճախակի կապի մէջ եղած են Պաքուի, Երեւանի եւ Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներու հետ՝ մուտքի ապաշրջափակման լուծում մշակելու համար։ Տեղւոյն վրայ ներկայիս մարդասիրական իրավիճակը արագօրէն կը վատթարանայ։ Տեղի բնակչութեան կարիքներու բաւարարման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը հրամայական է»։

Ըստ յայտարարութեան՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահն առաջարկած է քայլ առ քայլ մօտեցում, որ «կարտացոլէ Լաչինի միջանցքի լիարժէք շահագործման եւ Աղտամի երթուղիի բացման յաջորդականութիւնը»։

«Այս քայլերու յաջորդականութիւնը եւ բեռերու տեսակը, որ պիտի մատակարարուի այս ճանապարհներէն իւրաքանչիւրով, ինչպէս նաեւ ատոր յաջորդող ընթացակարգերը, եղած  են վերջին քննարկումներու առանցքը: Եւրոպական Միութիւնը խորապէս համոզուած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուի՝ համաձայն անցեալ համաձայնագրերու եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման, եւ նշած է, որ մատակարարումներու համար Աղտամի ճանապարհի օգտագործումը նոյնպէս կրնայ ըլլալ հրատապ եւ ամէնօրեայ հիմնական կարիքներու ապահովման յստակ եւ կայուն լուծման մաս»,- գրուած է յայտարարութեան մէջ։

Նշուած է, որ այս տարրերու շուրջ քննարկումները սկսած են 2023 թուականի 15 յուլիսին, Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն ետք։

«ԵՄ-ն նաեւ ընդգծած է Պաքուի կողմէ Ղարաբաղի հայերուն յստակ պատկերացում տալու անհրաժեշտութիւնը՝ Լաչինի միջանցքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն վերադարձի ընթացակարգերու առումով: Զուգահեռաբար, շփումները կեդրոնացած են նաեւ Ղարաբաղի հայերուն ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումներու շուտափոյթ վերականգնման վրայ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ շփումներու ընթացքին ԵՄ-ն շեշտած է հակամարտութեան ժառանգութեանն անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը՝ երկարաժամկէտ կայուն լուծման նպաստելու համար:

«Այս առումով կարեւոր կ'ըլլայ Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութիւնը։ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին, իսկ յստակ եղանակներու շուրջ քննարկումները պէտք է սկսին հնարաւորինս արագ։ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերու միջեւ երկխօսութիւնը վստահութեան եւ յուսալիութեան ամրապնդման կարիք ունի։ Այդ նպատակով Եւրոպական Միութիւնը տարբեր առաջարկներ ներկայացուցած է այս գործընթացին միջազգային աջակցութեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն մէջ ներգրաւուածութեան առումով՝ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացմանն աջակցելու նպատակով», – նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի խօսնակի՝ վերոնշեալ բոլոր ջանքերու միակ նպատակն է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու «անշրջելի կարգաւորումը՝ ի շահ տեղի ողջ բնակչութեան»։

«Այժմ եկած է խիզախ փոխզիջումային լուծումներու ժամանակը՝ նաեւ հաշուի առնելով ներկայիս մագլցումը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Եզրափակելով՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի խօսնակը նշած է, որ ներկայ իրավիճակի լուծում գտնելու համար Եւրոպական Միութիւնը շփումներ ունեցած է տարբեր միջազգային դերակատարներու հետ։