image

Արցախի հանրախանութներուն մէջ որոշ ապրանքատեսակներու պակաս կայ

Արցախի հանրախանութներուն մէջ որոշ ապրանքատեսակներու պակաս կայ

Ստեփանակերտի խանութներուն մէջ պարէնային որոշ ապրանքատեսակներու պակաս առաջացած է, բայց թանկացումներ չեն արձանագրուած:

Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան ռեփորթաժէն։

Լրատուականի նկարահանող խումբը շրջած է Ստեփանակերտի խանութներուն մէջ: Որոշ տեղեր սպառած է շաքարաւազը, ալիւրը, ձէթը:

Իսկ այն խանութներուն մէջ, ուր նշուած ապրանքատեսակներն առկայ են՝ կը վաճառուին չափաբաժնով: