image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Արցախի ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Մայիս 26-ին Արցախի Ազգային ժողովի  նախագահ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորած պատուիրակութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունած է  Ն․Ս․Օ.Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը: Հանդիպման ներկայ էր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեանը:

Արթուր Թովմասեանը եւ պատուիրակութեան անդամները Նորին Սուրբ Օծութեան ներկայացուցած են Արցախի ներկայ վիճակը, ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն արդար ու  անփոփոխ պահանջները:

Ողջունելով ներկաները` Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուցած է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մշտապէս կանգնած է Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ կ'աջակցի  ինքնիշխանութեան իրաւունքի կամքը արտայայտելու հարցով:

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը վերահաստատած է Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն եւ ժողովուրդին ամբողջական աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին: