image

Ապրինք Նորոգութիւն (Բուն Բարեկենդանի Առիթով)

Ապրինք Նորոգութիւն (Բուն Բարեկենդանի Առիթով)

Դրախտային երանութիւն

Խաղաղարար երջանկութիւն

Աստուածային ներկայութիւն

Կար հոգեխօս անմեղութիւն

Բիւր բարիքներ եւ օրհնութիւն

Լուսազարդող ուրախութիւն

Անթաղելի կենդանութիւն

Հրաշալի ազատութիւն

Աստուածախօս մտերմութիւն

Վաւերական սէր, սրբութիւն։ 

 

Չարը ունէր խարդախութիւն

Նենգ խորհուրդներ եւ ստութիւն

Հնարամիտ որսորդութիւն

Տուաւ սխալ բացատրութիւն

Կար կեղծաւոր խօսակցութիւն

Կատարուեցաւ երկխօսութիւն

Մարդուն մէջ կար բուռն ցանկութիւն

Ըրաւ սխալ ընտրութիւն

Զցաց վախ, ցաւ եւ տրտմութիւն

Մեղանչումի ողբերգութիւն։ 

 

Մեծ Պահքին կայ ժամադրութիւն

Դարձի գալու պատեհութիւն

Ընդմիշտ գործել արդարութիւն

Խորքով սիրել ճշմարտութիւն

Խստիւ մերժել խաբէութիւն

Ցուցաբերել ողորմութիւն։

Բարեկենդան կանչ_արթնութիւն

Պահքէն մինչեւ Սուրբ Յարութիւն

Ապրինք իրօք նորոգութիւն

Որպէս կեանքի վկայութիւն։

 

Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան