image

Ապրիլ 24-ը հրաւէր է միաբանութեան

Ապրիլ 24-ը հրաւէր է միաբանութեան

Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պերթիզլեան կը գրէ՝

 

 

Պատկեր Մը Մեր Ներկայէն (Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ Ամեակին Առիթով) 

 

Եկէք պահ մը տեսնենք մեր տխուր իրականութիւնը։ Դարերու դասերը եւ պատմութեան պատգամը մոռցած ենք, անտարբերութեամբ կը նայինք ներկային, անհանդուրժողութեամբ զիրար կը վիրաւորենք, "դանակը ոսկորին հասնիլը" կը սպասենք, միաձայնութեան փոխարէն` կայ տարակարծութիւն, հաւաքական կամքի տկարութիւն, շահերու եւ հաշիւներու տարօինակ մեկնաբանութիւն, միաբանութեան փոխարէն պառակտում։ Կայ նաեւ առաջնահերթութեան ցուցակի խախտում, արժէքներու անտեսում եւ մասամբ մը հաւատքի ճշմարտութեան ուրացում։ Ու՞ր ենք, ինչո՞ւ այս մտատանջող իրավիճակը։ Մեր արժանապատիւ գոյութիւնը վտանգուած է, ազգային նկարագրի պատկերը սկսած է չարափոխուիլ։ Մեր ներկան արժեւորելը, մաքուր խղճմտանքով ապրիլը եւ պահանջատիրական պայքար մղելը շատե՜րու համար անհեթեթութիւն է։ Նմանօրինակ մտայնութեամբ եթէ մնանք ՀԱՅ ըլլալու մեր իրաւունքէն կամովին պիտի հրաժարինք, մեր արդար դատին թղթածրարը պիտի մնայ խուլ անկիւն մը, մեր սրբադասուած նահատակներուն արեան կանչը պիտի դառնայ անլսելի, եւ որպէս հետեւանք մեր ինքնութիւնը պահող եւ հայապահպանման նպաստող միջոցներէն պիտի հեռանանք` ինքնաքայքայման ենթարկուելով։

  Պէտք է խոստովանիլ թէ յաճախ մեր ժառանգած սրբազան աւանդութիւնները արհամարհեցինք եւ հոգեմաշ նախապաշարումներուն կարեւորութիւն տուինք։ Կիրակին (Տէրունի օրը) սովորական օր համարողներ, աշխատեցան, ո՛չ եկեղեցի գացին, ո՛չ աղօթեցին եւ ո՛չ ալ բարեպաշտական ապրումով խաղաղութիւն մաղթեցին Հայաստանին, Արցախին եւ ողջ հայութեան։ Եսը եղաւ կուռք, կիրքը եղաւ գերիշխող, հաճոյքը եղաւ մշտապէս գրաւիչ, մեր պատմութիւնը շատե՜րու խորթ նայուածքով, քմահաճ դիտումով եւ անձնակեդրոն պատկերացումով վերածուեցաւ երեւակայական հեքիաթի կամ շինծու առասպելի, ո՛չ ազգային հերոսներուն օրինակին հետեւեցանք եւ ո՛չ ալ սուրբերուն հետքերով ընթացանք։ Ապրեցանք պատեհապաշտութեամբ...։Մեր հողին սրբութիւնը եւ մշակութային հարստութիւնը պարծանքի միջոց էր, բայց զուտ զգացական մակարդակով , հեռո՜ւ ներշնչումէ, խոր ապրումէ եւ գուրգուրալից վերաբերմունքէ։ Մեր կուտակուած սխալներուն պատճառով «ծանր» օրեր ապրեցանք եւ տակաւին կ`ապրինք։ Անմեղ զոհերուն յիշատակը վայելչաբար կը պատուենք երբ մեր ապրելակերպով կը վկայենք թէ Հայ ենք, ուստի ապրելու ենք արթուն խղճով, շարունակելու ենք գոյապայքար մղել անկեղծ սիրով ու անխախտ յոյսով։ Յուսահատութիւնը եւս կը պղտորէ մեր տեսողութիւն։ Ցաւալի իրադարձութիւնները կամ ցնցիչ դէպքերը իրենց անդրադարձը կ`ունենան, սակայն յոյսով ապրողը ողբալու փոխարէն դաս կը քաղէ, յանձնուելու փոխարէն կանգուն մնալ կը վճռէ եւ Աստուծոյ նկատմամբ ամուր վստահութիւն կը ցուցաբերէ։ Ապրիլ 24ը խորհուրդ է համահայկական, պատգամ է սրբազան, հրաւէր է միաբանութեան։ Նեղութեան ժամանակ երբ կայ միասնականութիւն` հետեւաբար կայ նաեւ հաւաքական զօրութիւն, «Մենք»ի ազդեցիկ ներկայութիւն, սերտ համագործակցութիւն, բարի տրամադրութիւն, նպատակի վեհութիւն եւ աստուածահաճոյ համախմբութիւն։ Ցեղասպանութեան արիւնոտ վէրքն է ամէն մէկ հայկական գաղութ, որ կը պարզէ թուրքին բուն պատկերը, այսինքն` անմարդկային ոճիրը, բարբարոսութիւնը եւ հրէշային սրբապղծութիւնը։ Պատմութիւնը ունի գերեզման եւ աղբաման։Պատմութեան գերեզմանը կը թաղուին ա'յն ազգերը, որոնք ապրելու իրաւունքէն եւ արդար պահանջներէն կը հրաժարին։ Պատմութեան աղբաման կը թափուին ա'յն հաւաքականութիւնները, որոնք նախնիներուն օրհնաբեր ժառանգութիւնը կը վատնեն եւ հոգեմտաւոր արժէքները կ`արհամարհեն։ Ի՜նչ ողբալի անառակութիւն...։ Մենք գերեզմանի փոխորէն ապրիլ կը փափաքինք, որովհետեւ կը հաւատանք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան զօրութեան եւ աղբամանի փոխարէն մշտադալար ուղի տեսնելու տեսիլքը ունինք, որովետեւ կառչած ենք մեր ինքնութեան։ Փափաքը եւ տեսիլքը երբ միախառնուին` հրաշքներու դուռ կը բացուի, յաջողութեան ճանապարհ կը հարթուի եւ արժանապատիւ ապրելու եռանդը կը բազմապատկուի։ Պօղոս առաքեալ խօսելով հաւատքի մասին, կը յիշէ բազմաթիւ հաւատքի մարդիկ, որոնց օրինակը խօսուն է։ Ապա կը յորդորէ ըսելով`.« Ուրեմն մենք ալ, որ այսքան բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք, վանե'նք ամէն խոչընդոտ եւ մէկ կողմ ձգենք մեղքը, որ մեզ դիւրաւ կը պաշարէ եւ համբերատարութեամբ պայքարինք մեզի ներկայացող փորձութիւններուն դէմ»։(Եբր 12.1) «Վկաներ» իմաստը պէտք չէ սահմանափակել միայն սուրբգրային դէմքերով, այլ նաեւ հարկ է նկատի առնել մեր եկեղեցւոյ արժանաւոր հայրերը, հաւատաւոր քաջամարտիկները, ուխտապահ նահատակները, որոնք կեանքի վկայութեամբ եւ արեան հեղումով ապացուցեցին թէ հայու հաւատքն ու հոգին ԱՆԹԱՂԵԼԻ են։ Ապրիլ 24ը ուխտի վերանորոգման եզակի առիթ է, որպէսզի մեր կեանքին մէջ առաջնահերթ տեղ վերապահենք մեր արդար դատին, մեր նահատակներու սուրբ աւանդին, մեր հայրենիքին, ահա այ՛դ ժամանակ պիտի ապրինք իրողապէս հայաբար` հաւատքով միաբան եւ երթով պատուական։ 

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...