image
Հրատապ լուրեր:

«Ան Հայկազեանի համալսարանի ընկերն էր» «Թոնի Ասֆուր» կրթաթոշակի հիմնադրամը ՝ յանուն Հայկազեանի

  «Ան Հայկազեանի համալսարանի ընկերն էր» «Թոնի Ասֆուր» կրթաթոշակի հիմնադրամը ՝ յանուն Հայկազեանի

Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ին, Պէյրութի Cosmopolitan Rotary Club-էն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ ակումբի նախագահ՝ Սոնա Քուրթեանի, այցելած է Հայկազեան համալսարան։

 

  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն քաղեց  Հայկազեան Համալսարանի  դիմատետրի  էջէն։ 

Այցելութեան նպատակը եղած է հիմնել «Թոնի Ասֆուր» կրթաթոշակի հիմնադրամը ի նպաստ կարիքաւոր ուսանողներու: 

Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ յայտնած է երախտագիտութիւն ակումբի ներկայ անդամներուն, հին եւ գալիք նախագահներուն:  Վերապատուելին  խօսած է հանգուցեալ՝ Թոնի Ասֆուրի մասին,  ըսելով, որ  «Հանգուցեալը ակումբի սիւնն էր, եւ որ մեծ հաւատք ունէր երիտասարդութեան եւ կրթութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի ընկերն էր»։

Իր հերթին, Սոնա Քուրթեան խօսելով Rotary ակումբի արժէքներուն ու առաքելութեան մասին յայտնած է, որ հպարտ է Հայկազեանի հետ համագործակցելով բազմաթիւ մակարդակներու վրայ: 

Իսկ Թոնի Ասֆուրի այրին՝ Մէրի Ասֆուր զգացական ելոյթով մը կիսուած է ներկաներուն հետ այն արժէքները, որոնք Թոնին փոխանցած էր թէ՛ իր անմիջական ընտանիքին, եւ թէ՛ իր աւելի լայն ընտանիքին՝ Rotary ակումբին յայտնելով իր վստահութիւնը, որ բոլոր անդամները պիտի շարունակեն անոր ուղիով եւ տեսլականով: Այս խօսքերուն յաջորդած են հիմնադրամին մասին գնահատական խօսքեր։