image

ԱՄՆ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Ռուսաստանի առաջարկները ՆԱԹՕ-ի հարցով

ԱՄՆ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Ռուսաստանի առաջարկները ՆԱԹՕ-ի հարցով

ԱՄՆ-ն պէտք է պարտաւորութիւններ ստանձնէ՝ բացառելու ՆԱԹՕ-ի հետագայ ընդլայնումը դէպի արեւելք եւ հրաժարուիլ այն պետութիւնները դաշինքի մէջ ընդունելէ, որոնք աւելի վաղ կը մտնէին ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ:

 

Միացեալ Նահանգները ՆԱԹՕ-ի հարցով Ռուսաստանի առաջարկներուն մէկ մասը «օգտակար» կը համարէ, իսկ միւսները՝ «անընդունելի»: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը:

«Անոնցմէ քանի մը հատը օգտակար են, իսկ որոշները՝ անընդունելի: ԱՄՆ կը ծրագրէ պատասխան տալ մօտ յաջորդ շաբաթ», ըսած է պաշտօնակատարը:

Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի հետ Ռուսաստանի պայմանագրի նախագիծերը անվտանգութեան երաշխիքներու մասին: Փաստաթուղթերը արդէն փոխանցուած են Ուաշինկթընին եւ անոր դաշնակիցներուն: Փաստաթուղթի կէտերէն մէկով կ'առաջարկուի, որ ՆԱԹՕ-ն երաշխիքներ տրամադրէ դաշինքի՝ Ուքրանիոյ ուղղութեամբ չընդլայնման մասին:

«ԱՄՆ-ն պէտք է պարտաւորութիւններ ստանձնէ՝ բացառելու ՆԱԹՕ-ի հետագայ ընդլայնումը դէպի արեւելք եւ հրաժարուիլ այն պետութիւնները դաշինքի մէջ ընդունելէ, որոնք աւելի վաղ կը մտնէին ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ», կ'ըսուի տուեալ առաջարկին մէջ:  

Սպիտակ տան խօսնակ Ճէն Փսաքին յայտնած է, որ իրենք ստացած են առաջարկները եւ կ'ուսումնասիրեն զանոնք:  

«Մենք պիտի չզիջինք առանցքային սկզբունքներու հարցով, որոնց վրայ հիմնուած է եւրոպական անվտանգութիւնը, այդ շարքին՝ այն, որ բոլոր երկիրները իրաւունք ունին ինքնուրոյն որոշելու իրենց ապագան եւ արտաքին քաղաքականութիւնը», ըսած է Փսաքին: