Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը գլխաւորութեամբ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեանին յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի Արցախի զարգացումներուն եւ նոյն տեսանկիւնով ալ կը փորձէ ջանասիրաբար հասնիլ եւ օժանդակութիւն տրամադրել Արցախցի երեխաներուն։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Թեմի Դիմատետրեան էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը մէջբերենք այսօր հրապարակուած կարճ լրատւութիւնը։
Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան, Երեւանի մէջ այցելեց «Գոյ» մարդասիրական հիմնադրամի կերամազարդ արուեստանոց-ուսումնարան, ուր հանիդպում մը ունեցաւ արցախցի երեխաներու եւ անոնց ծնողներուն հետ։
Այս առիթով, արցախցի մանուկներ յատուկ խօսքերով եւ երգերով ողջունեցին Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Արեւմտեան Թեմին, որ Թորգոմ Եպիսկոպոսի ճամբով ե՛ւ բարոյապէս ե՛ւ նիւթապէս կը զօրակցի զանազան ծրագիրներու իրականացման։
Յայտնենք, որ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը այլազան ծրագիրներու կողքին կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը ծաւալել հայրենիքի եւ սփիւռքեան զանազան օճախներէ ներս։
Վարձքերնիդ ի կատար կ՚ըսենք Թեմական մարմիններուն, Ազգային Իշխանութեանց գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին։