image

AMAA-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի այցելութիւնը Պոլիս

 AMAA-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի այցելութիւնը Պոլիս

Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզի – Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 175-ամեակի ոգեկոչման միջոցառումներէն ետք, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան իր տիկնոջ Սոնայի հետ Ուրբաթ Յուլիս 16, 2022-ին մեկնեցաւ Պոլիս՝ կարճատեւ պաշտօնական այցի մը, ուր անոնց ողջունեց Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուն։ 

Կիրակի Յուլիսի 17-ին, Պր. Խանճեան մասնակցեցաւ Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի պաշտամունքին եւ իր պատգամը մատուց Հայերէն լեզուով, իսկ Վեր. Աղապալօղլու զայն թարգմանեց Թրքերէնի։ Պատգամը հիմնուած էր Մատթէոս 5. 14-16-ի վրայ՝ «Դուք էք աշխարհի լոյսը»։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18-ին, Պր. Խանճեան եւ իր կողակիցը Սոնա Խանճեան, Վեր. Աղապալօղլուի ընկերակցութեամբ այցելեցին Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, ուր անոնք սիրով ընդունուեցան Ն.Ս. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Պատրիարաքական փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Աթոռի Միջեկեղեցական Բաժնի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ 

Պր. Խանճեան նախ շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։

Պր. Խանճեան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած  հանդիսութեան եւ երախտիքով յիշեց, Գերշ. Տ. Նաթան Ս. Արքեպս. Յովհաննիսեանի միջոցաւ փոխանցուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնաբեր պատգամը, ինչպէս նաեւ Նորին Ամենապատուութեան շնորհաւորականը՝ որոնք ընդունուած էին մեծ ուրախութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175-ամեակը եւ ընդգծեց մերօրեայ պայմաններուն մէջ Սուրբ Գիրքի քարոզութեան կարեւորութիւնը, նկատելով որ մեր ապրած ժամանակներուն, մարդիկ երբեմն Սուրբ Գիրքի նկատմամբ մերժողական կեցուածք որդեգրելը սխրագործութիւն կը նկատեն։ Ան անդրադարձաւ, որ Սուրբ Գիրքի պատրաստակամութեամբ ընկալման ժամանակներուն մեր ժողովուրդը օրհնուելով օրհնուած է։ Ան մաղթեց, որ հաւատքով հրաշքներ ապրած մեր պապերուն օրինակը ընդգրկելով շարունակենք մեր Քրիստոնէական հաւատքի կեանքը։

Պր. Խանճեան, նաեւ անդրադարձաւ Թուզլայի Քէմփ Արմէնի վերակառուցման ծրագրին եւ յայտնեց, թէ կ՚ակնկալէին Նորին Ամենապատուութեան բարոյական աջակցութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, թէ հաստատութեան իրաւատէրը Հայ Աւետարանական համայնքն էր եւ քանի որ ծրագիրը առանց դաւանական խտրութեան պիտի օգտագործուէր Հայ համայնքի անդամներու կողմէ, կատարուած աշխատանքը կ՚արժանանար Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանի հետաքրքրութեան։ Նաեւ յայտնեց, թէ թելադրութիւններ ըրած էր կատարելի նուիրահաւաքման՝ ինչպէս նաեւ մատակարարութեան եւ վարչութեան համար մշակելի ծրագիրներու մասին։

Պր. Խանճեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ այսպիսի նպատակի մը իրագործման համար միջհամայնքային հասկացողութիւն մը գոյացած էր։ Ան նաեւ ընդգծեց, թէ Պոլսոյ մէջ կար միջեկեղեցական առողջ յարաբերութիւններ, որոնց արդիւնքը եղած էր Թրքերէն, Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով հրատարակուած Քրիստոնէութեան Հիմնական Սկզբունքները պարունակող գիրքը, որուն նմանը ցարդ չէ տեսնուած։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս գիրքէն, ինչպէս նաեւ իր հեղինակած «Երկու Ուխտաւոր» գիրքէն օրինակներ նուիրեց հիւրերուն։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած հիւրասիրութեան եւ երկխօսութեան համար եւ հրաժեշտ առին Նորին Ամենապատուութենէն։

Նոյն օրը Պր. Խանճեան եւ իր տիկինը՝ Սոնան, Վեր. Աղապալօղլուի ուղեկցութեամբ այցելեցին Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Արքեպիսկոպոս՝ Պողոս Լեւոն Զեքիեանին, Պէյօղլու քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան Մայր Եկեղեցիին մէջ։ Հիւրերուն միացաւ նաեւ Տէր Վարդան Քահանայ Գազանճեանը։

Անոնք քննարկեցին Պոլսոյ եւ տարածաշրջանի Հայ համայնքին վերաբերող հարցեր։ Արքեպիսկոպոս Զեքիեան աջակցութիւն յայտնեց Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի վերակառուցմանը եւ հաստատեց Կաթողիկէ Եկեղեցիի հակուածութիւնը՝ ներգրաւուելու ծրագրին։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Գերապայծառին ջերմ ընդունելութեան համար։ 

Յուլիսի 18-ին Տէր եւ Տիկին Խանճեանները այցելեցին նաեւ Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ գտնուող Հրանդ Տինքի անուան դպրոցը։ Անոնք շփում ունեցան մանկապարտէզէն 9-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ, որոնք հիւրերուն ներկայացուցին ասմունքի եւ երգերու փոքրիկ յայտագիր մը։ Յուզիչ էր տեսնել այս փոքր կղզին՝ պարտադրուած ազգային ինքնութեան «Կէդդօ»ն։ Այս երեխաները ու անոնց դպրոցը կը յիշեցնէր եւ հաւասարազօր էր նախկին «Պոլսոյ Պատանեկան Տան»՝ Երեխաներ, որոնք «դուրս մնացած են» համակարգէն, բայց ջերմօրէն ընդգրկուած Կէտիկ Փաշայի մեր Եկեղեցիին կողմէ, որուն կ’աջակցի նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը։ Երեխաները այստեղ կը ճանչնան, կը սորվին եւ կը գիտակցին իրենց ազգային ինքնութեան, ծագումին եւ Քրիստոնէական հաւատքին։

Յուլիսի 19-ին՝ Պոլիս իրենց այցելութեան վերջին օրը, Պր. Խանճեան իր տիկնոջ, Վեր. Աղապալօղլուի, Հրանդ Տինքի անուան դպրոցի երեխաներուն, ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին, ինչպէս նաեւ Քէմբ Արմէնի Շինարարութեան Յանձնախումբի անդամներուն, Հայ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուչիներուն, եւ Կէտիկ Փաշայի Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն հետ այցելեցին Քէմբ Արմէն։ Քաղաքապետարանի կողմէ տրամադրուած էր յատուկ պաս մը, որոնք հիւրերուն հրաւիրեցին նաեւ ճաշի այցելութենէն ետք։ Ճամբարին մէջ անոնք վերյիշեցին «Քէմբ Արմէնը» եւ երկու Հրանդները՝ Կիւզէլեան եւ Տինք, եւ խոստացան իրականացնել ճամբարը՝ համայնքի երեխաներուն եւ երիտասարդներուն ընդհանրական ծառայութեան համար վերակառուցելու երազանքը։ Թրքական թերթերը եւ հեռուստալրագրողները ճամբարին մէջ հանդիպեցան հիւրերուն եւ հարցազրոյց ունեցան անոնց հետ։

«Յուզիչ փորձառութիւն էր զգալ Քէմբ Արմէնի ու անոր հերոսներու եւ հերոսուհիներու թողած ժառանգութիւնը եւ համայնքային նոր ճամբարի մը խոստումը, որ կը յաւերժացնէ այդ ժառանգութիւնը՝ յառաջ բերելով նոր, ինքնագիտակից, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու հաւատարիմ երիտասարդ սերունդ մը Պոլսոյ մէջ։ Աւետարանչականը իր ձեռքը կ’երկարէ Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն, խոստանալով աջակցիլ նոր ճամբարի վերակառուցման աշխատանքներուն, ի շահ համայնքի երեխաներուն եւ երիտասարներուն» ըսաւ Պր. Խանճեան։ 

Թող Աստուած օրհնէ անցեալի քաղցր յիշատակը եւ Պոլսոյ նոր «Քէմբ Արմէն»ի վերակառուցման ծրագրերը։