image

«Ալ Խուտայրա»ի գործողութիւնը վախի մթնոլորտ ստեղծած է Իսրայէլացիներու մօտ

«Ալ Խուտայրա»ի  գործողութիւնը   վախի մթնոլորտ ստեղծած է Իսրայէլացիներու մօտ

Այն ինչ որ տեղի ունեցած է Ալ Խուտայրայի մէջ «հետախուզութեան ձախողում է: Այլ մեկնաբաններ գործողութիւնը բնութագրեցին որպէս շատ դաժան միջադէպ Իսրայէլի սրտին մէջ եւ կը տեսնեն, որ այն ազդած է իսրայէլացիներու անվտանգութեան զգացողութեան վրայ, ինչ որ չէր եղած երկար տարիներ:

 

Պաղեստինեան գորրծողութիւնը, ոը տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի Պաղեստինի հիւսիսային Ալ Խուտայրա քաղաքին մէջ, ուշադրութիւնը շեղեց Նեկեւի մէջ Իսրայէլի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի, Մարոքի, Պհարէյնի եւ ԱՄԷ-ի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հանդիպումէն, եւ վճռականօրէն ինքզինք պարտադրեց Իսրայէլի օրակարգին մէջ, հաշուի առնելով անոր զգայուն ժամկէտը եւ գործադրման վայրը՝ 48 տարածքներուն մէջ, իրականացման եղանակը, ինչպէս նաեւ անոր հեղինակներուն ինքնութիւնը եւ իսրայէլեան առումով անոր ունեցած դաժան հետեւանքները: 

Գործողութեան հանգամանքները եւ անոր արդիւնքները դրդեցին Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնեաները` քաղաքական, ռազմական եւ անվտանգութեան մակարդակներով, վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի եւ պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցի գլխաւորութեամբ, նիստեր կատարելու` իրավիճակը գնահատելու եւ դատապարտող յայտարարութիւններ տարածելու համար, յայտարարելով կանխարգելիչ եւ պաշտպանողական միջոցներու մասին: Մինչ ի յայտ եկաւ իսրայէլեան քաղաքական եւ լրատուական քարոզչութիւն, որ կը հրահրէ 48 պաղեստինցիներուն դէմ եւ կոչ կ'ընէ անոնց հետ վարուելու երկաթէ ձեռքով:

Գործողութեան կարեւորութիւնը եւ անոր հետեւանքներուն լրջութիւնը եղած են իսրայէլեան լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին, քանի որ իսրայէլացի մեկնաբանները կեդրոնացած են գործողութեան վրայ` որպէս ապացոյց, որ պարտիզանական գործողութիւնները «հին Մերձաւոր Արեւելքի» մաս կը կազմեն, թոյլ չտալով, որ «նոր Մերձաւոր Արեւելքը բարձրանայ», նշում ընելով բնականոնացման ուղիին: «Ամէն անգամ, երբ նոր Մերձաւոր Արեւելքը գլուխ կը բարձրացնէ, հինը կու գայ եւ կը փորձէ կտրել զայն», ըսուած է  մեկնաբանութիւններուն մէջ:

Մեկնաբանները աւելցուցած են, որ այն ինչ որ տեղի ունեցած է Ալ Խուտայրայի մէջ «հետախուզութեան ձախողում է»: Այլ մեկնաբաններ գործողութիւնը բնութագրեցին որպէս «շատ դաժան միջադէպ Իսրայէլի սրտին մէջ» եւ կը տեսնեն, որ այն ազդած է իսրայէլացիներու անվտանգութեան զգացողութեան վրայ, ինչ որ չէր եղած երկար տարիներ:

Յիշեցնենք, որ երէկ «Ալ Մաատին» հաղորդած էր, որ Կիրակի օր երկու իսրայէլացի սպաննուած են, եւս 4-ը վիրաւորուած են, որոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր է, Հայֆայէն հարաւ գտնուող «Ալ Խուտայր» գործողութեան ընթացքին: