image

Հիւանդագին Մտածելակերպ

Հիւանդագին Մտածելակերպ

Այսօր մեր իրականութենէն ներս դժբախտաբար ականատես ու ականջալուր կը դառնանք հիւանդագին մտածելակերպի մը: Մտածելակերպ մը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրիս՝ մասնագէտ ըլլանք կամ ոչ, «արտօնութիւն» տուած է ամէն բանի մասին խօսելու, առանց մտածելու, առաւել եւս առանց տրամաբանելու: Մէկ խօսքով, այսօր ամէն ոք իր միտքէն եկածը կ՚ըսէ, կ՚արտայայտէ, որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն:

Իրար լսելու մասին չենք խօսիր, որովհետեւ շատո՜նց այդ էջը գոցուած է կարծէք մեր իրականութենէն ներս: Մենք մոռցած ենք, թէ ի՞նչ ըսել է, ի՞նչ կը նշանակէ զիրար լսել, իրարու հետ կարծիք փոխանակել, նոյնիսկ եթէ թեր ու դէմ կարծիքներ են մեր ունեցածը: Մէկ խօսքով վերածուած ենք ամենագէտի, ամենատէրի, կարծէք մեզմէ այն կողմ ուրիշ բան չկայ:

Դժբախտաբար նոյն այս հիւանդագին մտածելակերպը ողն ու ծուծով վարակած է Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, երկրի առաջին դէմքէն սկսած մինչեւ յետին պաշտօնեան: Յանկարծ համարձակիս իրենց մտածածէն, կամ իրենց հասկցածէն դուրս բան ըսել, պատրաստ են ամէն տեսակի նզովք ու լուտանք թափելու վրայ: Իսկ եթէ փորձել քննադատել իրենց մէկ որոշումը կամ որդեգրած ուղին, վա՜յ է եկեր գլուխիդ… Փաստը՝ այս ուսումնական տարեշրջանի սկիզբին Կրթութեան նախարարութեան կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած 7-րդ դասարանի Հայոց պատմութեան դասագիրքը: Գիրքին 90 տոկոսը սխալներով լեցուն է, բայց չէ՛, «համեստափայլ» տիկին Նախարարուհին, ջայլամի հոգեբանութեամբ իր գլուխը դրած է այդ գիրքին մէջ եւ այդ գիրքէն բացի ուրիշ բան չի՛ տեսներ: Մէկ կողմէն կ՚ըսէ, թէ ճիշդ են ձեր նկատառումները, միւս կողմէն սակայն կ՚ըսէ, բայց ոչինչ փոփոխութեան ենթակայ չէ:

Այստեղ չեմ ուզեր խօսիլ մեր ժողովուրդի անտարբերութեան մասին, որու հոգն անգամ չէ, որ իր զաւակները, դպրոցներէն ներս աղաւաղուած ձեւով պիտի անցնին Հայոց պատմութեան դասերը… Նոյնը կը վերաբերի պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներուն, որոնք չե՞ս գիտեր ինչու, յամառութեամբ կը շարունակեն դասաւանդել իրենց ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ դասագիրքերով, առանց ո՛չ մէկ ծպտուն հանելու…: Հասկնալի է Հայաստանի մէջ գոյատեւելու դժուարութիւնները, հասկնալի է իրենց մտավախութիւնը՝ աշխատանք կորսնցնելու, հասկնալի է իրենց սարսափը գործող իշխանութիւններէն, բայց այսպէս մինչեւ ո՞ւր կարելի է երթալ…:

Հիւանդագին մտածելակերպի մէկ այլ ազդակներէն մէկը, «պետական մտածելակերպ», «պետականամէտութիւն», «լայիք [աշխարհիկ] պետութիւն» եւ այլ նման եզրերու գործածութիւնն է, որով զայն գործածողները ձեւով մը կը փորձեն իրենք զիրենք պարսպապատել…:

Նոյն այս բառապաշարը դժբախտաբար սկսած է գործածուիլ դպրոցներու համար: Դժբախտաբար կ՚ըսեմ, որովհետեւ այդ բառապաշարը գործածողները ո՛չ այդ բառերը կը հասկնան, առաւել եւս այդ բառերուն կրողը չեն: Կրողը ըլլային, մեր դպրոցները այսօրուան վիճակին մէջ չէին ըլլար: Խօսքս թէ՛ նախկին եւ թէ՛ ներկայ իշխանութիւններու մասին է: Առաւելաբար ներկայ իշխանութիւններուն, որոնք բառախաղերու լաւ մասնագէտ են:

Օրինակի համար, այս տարուան առաջին օրերուն, յունուար 4-ին, Հայաստանի վարչապետը Կրթութեան նախարարութեան տուած իր այցելութեան ընթացքին, ի շարս այլ նիւթերու, այսպէս արտայայտուած է. «Կրթական քաղաքականութիւնը, ամենէն կարեւոր քաղաքականութիւնն է, որ կառավարութիւնը կը մշակէ եւ կը վարէ: Մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ մեր դասագիրքերը այդ ուղերձները կու տան: Տրուած ուղերձները պէտք է պետականակեդրոն ըլլան. այս շատ կարեւոր է: Այդ ուղերձները պետութեան մասին պէտք է ըլլան, պետութեան պատմութիւն պէտք է ըլլայ: Գրականութիւնն ալ պէտք է այդպիսին ըլլայ: …Մենք յստակ կերպով պէտք է ըսենք, եւ այդ կ՚ըսենք, թէ դասագիրքերուն բովանդակութիւնը պէտք է պետականակեդրոն ըլլայ: Դպրոցը պետական հիմնարկ է, եւ ամէն բան պէտք է համապատասխանէ այս իրողութեան, բացարձակապէս ամէն բան»:

Շատ բարի: Վարչապետին կատարած այդ պնդումներուն լոյսին տակ, հետեւեալ հարցումներն ու մտածումները կը ծագին մեր միտքին մէջ.

- Առաջին, հարցական է, թէ յարգարժան Վարչապետը ի՞նչ պետականութեան, կամ ո՞ր պետութեան մասին կը խօսի: Հայաստանի՞. բայց չէ՞ որ անցնող երկու-երեք տարիներու ընթացքին ամէն ջանք կը թափուի այդ պետութեան պատմութիւնը այլափոխելու, կեղծելու եւ աղաւաղելու:

- Եթէ իրապէս այդքան «պետականակեդրոն» կը համարեն իրենք զիրենք այսօրուան իշխաննութիւնները, ապա ինչո՞ւ կը յամառին խեղաթիւրուած տուեալներով պատրաստուած Հայոց պատմութեան 7-րդ դասարանի դասագիրքը պարտադրել: Եթէ յատուկ նպատակ կամ ծրագիր չկայ, ապա ձեր յամառութիւնը միմիայն տգիտութեան հետեւեանք է: Բայց…

- Եթէ իրապէս նպատակ ունին այսօրուան իշխանութիւնները դպրոցներէն ներս օգտագործուող գիրքերով «պետականակեդրոն ուղերձներ տան» աշակերտներուն, ապա ինչո՞ւ աշխատանք չի տարուիր ուսուցիչներուն վիճակը բարելաւելու: Բարելաւելու՝ բոլոր առումներով: Չըսէք թէ աշխատանք կը տարուի… ինձմէ լաւ գիտէք, որ տարուած աշխատանքը ո՛չ մէկ կերպով կը նպաստէ ուսուցիչներու որակի բարելաւումին: Վկա՛յ օր օրի ուսուցիչներու որակի անկումին փաստերը (յարգանքս եւ խոնարհումս այն ուսուցիչներուն, որոնք անձնական իրենց ջանքերով իրենք զիրենք միշտ բարձր մակարդակի վրայ կը պահեն բոլոր առումներով): Յարգարժան պրն. Վարչապետ, ձեր իշխանութեան ներկայացուցիչները՝ սկսած Կրթութեան նախարարէն, յաճախակիօրէն ուսուցիչները կը մեղադրեն անգրագիտութեան, ինքնազարգացումով չզբաղելու, եւ այլնի մէջ: Բարի՛. այդ մարդիկ ինչպէ՞ս կարենան ինքնազարգացումով զբաղին, երբ օրուայ մեծ մասը դպրոցն են եւ ներկայ դարուս աշակերտութիւնը զիրենք ջղասպառ կը դարձնեն, որմէ ետք կը շտապեն տուն, որպէսզի իրենց տնային պարտաւորութիւնները եւս կատարեն: Ուսուցչութիւն կ՚ընեն, դիմացը բառիս ամբողջական առումով՝ պարզապէս ղրուշներ կը ստանան: Այդքան մտահոգուած էք ուսուցիչներու որակով կամ գիտութեան մակարդակով, նախ եւ առաջ անոնց ամսականները բարձրացուցէք՝ առանց նախապայմաններու, եւ նոր միայն սկսէք քննադատել: Տպաւորութիւն է, որ կը կարծէք թէ բոլորն ալ ձեր նման ամէն ամիս պարգեւավճար կը ստանան…

- «Դպրոցը պետական հիմնարկ է»… Բան չեմ գրեր, պարզապէս կը հարցնեմ. այսօրուան իշխանութիւնները արդեօ՞ք գիտեն, թէ ի՛նչ է պետութիւնը, ի՞նչ կը նշանակէ պետութիւն ունենալ, կամ պետութիւն ըլլալ…

Պատասխանը թող ընթերցողները իրենք գտնեն կամ տան…

Յ.Գ. 1.- «Դպրոցը պետական հիմնարկ է», յարգարժան Վարչապետին կատարած յայտարարութեան մէջ, յստակ պատգամ կար ուղղուած Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:

Յարգելի պրն. Վարչապետ, եթէ իրապէս այդպէս է, կրնաք դուք, կամ կրթութեան նախարարը բացատրել, թէ ինչո՞ւ աղանդաւորական շարժումները ազատ ելք ու մուտք ունին Հայաստանի գրեթէ բոլոր դպրոցներ, աւելին՝ ազատ կերպով իրենց գրականութիւնը կը բաժնեն…

 

Ինչ կը վերաբերի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղած քօղարկուած կերպով վարչապետին ուղղած պատգամին, ապա Աստուածաշունչով կը պատասխանեմ. «Որեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ 7.6): Եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողներուն:

Յ.Գ. 2.- «Դպրոցը պետական հիմնարկ է»: Եթէ իրապէս այդպիսին է դպրոցը, ապա իւրաքանչիւր աշակերտի պէտք է նաեւ յստակ բացատրել ներքոնշեալ ճշմարտութիւնը.

* Անցեալ մը չէ միայն Հայ Եկեղեցին, ինչպէս անցեալ մը չեն, հայ ժողովուրդը եւ հայ կրօնն ու մշակոյթը: Հայ կառավարութիւնը այսօր իր պարտքը լիովին կը կատարէ երբ կը քաջալերէ ու կը մշակէ իր բոլոր երեսներուն վրայ եւ խորութիւններուն մէջ հայ արուեստն ու գրականութիւնը, հայ թատրոնն ու կրթութիւնը, հայ երգն ու ճարտարագիտութիւնը: Շատ բնական է, որ ան զգայ նոյն քաղցր ու խրախուսական վերաբերմունքը եկեղեցիին նկատմամբ: Վասնզի Հայ Եկեղեցիին գաղափարը, կը կրկնենք, այն ոգին է որ դարեր շարունակ ապրեցաւ ազգին մէջ, ապրեցնելով զայն իր մէջ, անոր եւ իր կեանքի ամենէն դժպհի օրերուն: Թոյլ տալ որ թառամի այդ ոգին՝ ազգին եւ հայերնիքին վերանորոգման սա սրտագին ջանադրութեանց միջոցին, պիտի նշանակէր պարզապէս կիսատ թողուլ վերականգնումի սկսուած գործը, թմրած մարմինին մէկ կողմը միայն արթնցնելով, ու թողլով որ միւս կողմը, որուն ներքեւ ուրիշ սիրտ մը կայ բաբախող, մնայ մեռոտ անշարժութեան մը մէջ:

Հայ Եկեղեցին կը նշանակէ էն առաջ հայ գիրը, որուն շնորհիւ ու միջոցաւ պիտի ծաղկէր ամբողջ մշակոյթ մը գրական, գրչագրական, ճարտարապետական, քանդակագործային, երաժշտական ու ծիսական արուեստներու կալուածներուն մէջ եւ աւելին՝ քաղաքակրթական կեանքի ընդհանուր եղանակին մէջ: Հայ Եկեղեցի ըսել, հասկնալ է հայ գրականութիւնը, որ տակաւին մինչեւ երէկ իրն էր եւ իրմով միայն ազգին: Մեծ բանաւորութեամբ կառուցուած, յստակ ու մեկին, ժուժկալութեամբ, լրջութեամբ եւ առնացի պարզութեամբ լեցուած, բայց եւ անասելի եւ գերազանց շնորհով մը ու մեծավայելչութեամբ մը օժտուած:

Հայ Եկեղեցին հայուն ճարտարապետութիւնն է որ Դ. եւ Ե. դարերուն ստեղծուեցաւ եւ Է., Ժ. եւ ԺԱ. դարերուն իր գերագոյն փթթումին հասաւ իբրեւ ինքուրոյն ոճ, այսինքն այն սուրբ խանդը, այս միստիք խոյանքը, որ հայ հոգիին բոլոր ծաւալներն ու մակարդակները, աղօթքի մը նման երկնքին մէջ կը հանէ:

Հայ Եկեղեցին հայուն երգն է, աղօթքն է, որոնց թեւերուն վրայ խունկի նման վերացան հայ առաջին աղօթքները, երգերն ու շարականները (Ե.[ղիշէ] Վ.[արդապետ] Տ.[էրտէրեան], [յետագային՝ Պատրիարք Երուսաղէմի Հայոց] «Սիոն» Պաշտօնական հրատարակութիւն Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան, ԻԱ. տարի - Նոր շրջան, 1947 յուլիս, թիւ 7, էջ 266):

Վարանդ Քորթմոսեան

Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն