image

ԱՀԱԸ-ի բժշկական առաքելութիւնը Սիւնիքի մէջ

ԱՀԱԸ-ի բժշկական առաքելութիւնը Սիւնիքի մէջ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի  տարբեր շրջաններուն մէջ։ 

Այս առումով ալ, օրերս վերահասու դարձանք, թէ Ընկերակցութեան հրաւէրով Հայաստան կը գտնուէր ամերիկահայ բժիշկ՝ Քրիս Թաշճեանը, բժշկական առաքելութեամբ Սիւնիք գտնուելով, 563 բուժառուի մասնագիտական խորհրդատուութիւն տրամադրած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ   դիմատետրեան էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝

«Օգոստոսի 21-26-ը Հայաստանում էր ամերիկահայ բժիշկ Քրիս Թաշչեանը, ով տեղացի բժիշկների հետ AMAA-ի հայաստանեան բժշկական առաքելութեան շրջանակում բուժզննումներ իրականացրեց Սիւնիքում։

Սկսելով Կապանից, այնուհետեւ Գորիս եւ Սիսիան՝ բժշկական թիմը ծառայեց 563 բուժառուի՝ տրամադրելով մասնագիտական խորհրդատուութիւն եւ անհրաժեշտ դեղորայք։

Բժշկական առաքելութիւնը յաջողուած թիմային աշխատանքի օրինակ է, որում ներգրաւուած են տեղացի եւ արտասահմանցի բժիշկներ, AMAA-ի կեդրոնական եւ մարզային գրասենեակների աշխատակիցներ ու կամաւորներ»։