ՅՔԾ-էն յայտնած են, որ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի վերաբերեալ ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ հիմնաւորուած է, որ Աղուան Յովսէփեանը, 2004 թուականի 18 Մարտէն մինչեւ 2013 թուականի 13 Սեպտեմբերը զբաղցնելով ՀՀ գլխաւոր դատախազի, իսկ 2014 թուականի 18 Յուլիսէն մինչեւ 2018 թուականի 11 Յունիսը՝ ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնները, յիշեալ ժամանակահատուածին փաստացի մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող շարք մը ՍՊ ընկերութիւններու կառավարման, բացի այդ ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով` 190.000.000 ՀՀ դրամ կաշառք եւ խարդախութեան եղանակով կատարած է առանձնապէս խոշոր չափերով` 800.000.000 ՀՀ դրամ գոյքի յափշտակութիւն:
Ա. Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերով` ընդհանուր 1.299.404.414 ՀՀ դրամ գոյքը (փողերու լուացում) օրինականացնելու համար:
Վերը նշուած յանցաւոր արարքներու կատարման համար Աղուան Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 310-րդ յօդուածով, 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով (3 դրուագ): 07.09.2021 թուականին Ա. Յովսէփեանը ձերբակալուած է:
Քրէական գործի շահերէն ելլելով` առաւել մանրամասն տեղեկատվութիւն լրացուցիչ կը հրապարակուի նախաքննութեան ընթացքին: