Հարաւային Կովկասի հարցերով «3+3» ձեւաչափի դուռը միշտ բաց է Վրաստանի համար, եթէ որոշէ միանալ քննարկումներուն: Այս մասին յայտնած է է Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
Վերջինս ընդգծած է, որ Մոսկուայի մէջ կայացած առաջին հանդիպման բոլոր մասնակիցները հետաքրքրուածութիւն դրսեւորած են համատեղ աշխատանքը շարունակելու հարցին մէջ:
«Յաջորդ հանդիպման տեղի եւ օրակարգի որոշումը տեղի պիտի ունենայ արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւններու միջեւ համաձայնեցմամբ: Առաջին հերթին կարեւոր է կեդրոնանալ այն հարցերուն վրայ, որոնք կ'առնչուին համընդհանուր շահերուն: Անոնց շարքին են առեւտրատնտեսական, ճանապարհային հաղորդակցութեան, մարդասիրական-մշակութային կապերուն, ընդհանուր մարտահրաւէրներու դէմ պայքարին առնչուող հարցերը», նշած է Զախարովան:
Դիւանագէտը յաւելած է, որ Վրաստանի համար դուռը միշտ բաց է հարթակին միանալու համար: