Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ճանապարհատրանսպորտային յանցագործութուններու քննութեան բաժնի պետ Գոռ Թադեւոսեանի որոշմամբ ստեղծուած քննչական խմբի ղեկավար նշանակուած, նոյն բաժնի յատկապէս կարեւոր գործերով աւագ քննիչ Անդրանիկ Փարսատանեանը որոշում կայացուզած Ապրիլ 26-ին Երեւանի Պարոնեան-Լէօ փողոցներու խաչմերուկին վրայ Արարատի մարզի բնակչուհի, 29-ամեայ Սոնա Մնացականեանին մահուան ելքով արկածի ենթարկած, Արարատի մարզի բնակիչ, 51-ամեայ Արամ Նաւասարդեանի նկատմամբ:
Ա. Փարսատանեանը Ա. Նաւասարդեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրած է ստորագրութիւն բնակութեան վայրէն չհեռանալը:
Վերջինս կ'աշխատի ճանապարհային ոստիկանութեան ուղեկցող սպայական վաշտի 3-րդ դասակի հրամանատար, կոչումով ոստիկանութեան մայոր է եւ կը կասկածուի Ապրիլ 26-ին Երեւանի Պարոնեան-Լէօ փողոցներու խաչմերուկին վրայ Արարատի մարզի բնակչուհի, 29-ամեայ Սոնա Մնացականեանին (յղի) մահուան ելքով արկածի ենթարկելու մէջ: