image

 Ֆրանսական Toute l’Histoire կայանը Սողոմոն Թէհլիրեանի մասին վաւերագրական մը կը ցուցադրէ

 Ֆրանսական Toute l’Histoire կայանը Սողոմոն Թէհլիրեանի մասին վաւերագրական մը կը ցուցադրէ

Ֆրանսական Toute l’Histoire հեռատեսիլի կայանը չորս յաջորդական թուականներու պիտի սփռէ Սողոմոն Թեհլիրեանի նուիրուած «Հայոց վրէժը – Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը» խորագրեալ 52 վայրկեաննոց վաւերագրական մը։ 

Փաստագրական ժապաւէնը պատրաստած են Լոռանս Շասէն եւ Պերնար Ժորժ։ Պատումը կը կատարէ Սիմոն Աբգարեան։ 

Սփռումի թուականներն ու ժամերն են.-

– Ուրբաթ, Ապրիլ 4, ժամը 20.40-ին,

– Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9, ժամը 22.25-ին,

– Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, ժամը 22.20-ին 

– Շաբաթ, Ապրիլ 26, ժամը 18.10-ին։ 

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն