image

Ըստ OPCW-ին Սարին կազը առաջին անգամ օգտագործուած էր «Ալ Լաթամնէ» շրջանին մէջ

Ըստ  OPCW-ին  Սարին  կազը առաջին անգամ օգտագործուած էր «Ալ Լաթամնէ» շրջանին մէջ

Քիմիական զէնքի կասեցման (OPCW) կազմակերպութիւնը, իր կատարած հետաքննութեան արդիւնքով պարզած է, որ քիմիական սարին կազը առաջին անգամ օգտագործուած է 30 մարտին, ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող Ալ-Լաթամնէ շրջանին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռօյթըրզ» գործակաութիւնը, նշելով, որ այս պարզաբանումը ցոյց կու տայ, որ 4 Ապրիլին Հարաւային Իտլիպի Խան Շէյխուն շրջանին մէջ տասնեակ սուրիացիներու մահուան պատճառ դարձած նոյն կազի օգտագործումը առաջինը չէր, ինչպէս այդ օրերուն կը կարծուէր:

 

Կազմակերպութեան վերլուծութեան արդիւնքները յստակօրէն ցոյց տուած են սարին կազի առկայութիւնը, եւ «Ռօյթըրզ»ի համաձայն, Քիմիական զէնքերու գործածութեան կասեցման կազմակերպութիւնը իր հետաքննութեան վերջնական արդիւնքները պիտի յայտարարէ յառաջիկայ շաբաթներուն: