image

Ուաշինկթըն զայրացած է.. Պիոնկ Եանկի հրթիռները եւրոպական են

Ուաշինկթըն զայրացած է.. Պիոնկ Եանկի հրթիռները եւրոպական են

ԱՄՆ իրաւասու մարմինները քննութիւն կ'իրկանացնեն պարզելու համար Հիւսիսային Քորէայի հրթիռաշինութեան մէջ օգտագործուող որոշ նիւթեր Ուքրանիայէն ներմուծուելու փաստը, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Ըստ կայքին, ներկայիս ԱՄՆ Քոնկրէսը կ'ուսումնասիրէ  Հիւսիսային Քորէայի կողմէ պատրաստուող «Հուասոնկ 12» եւ «Հուսասոնկ 14» հրթիռներու հում նիւթերը Ուքրանիոյ մէջ պատրաստուած ըլլալու շուրջ քննութիւն իրականացնելու օրէնքի նախագիծը:

ԱՄՆ յատուկ ծառայութիւններու համոզմամբ, քորէական բալիստիկ հրթիռներու փորձարկման յաջողութիւնը կարելի է վերագրել անոր, որ այդ հրթիռներու շարժոչներն արտադրուած են ուքրանական «Եուճմաշ» ընկերութեան կողմէ:

Նշուած է նաեւ, որ բալիստիկ հրթիռներու փորձարկման լուսանկարներն ուսումնասիրող փորձագէտները հասած են այն եզրակացութեան, որ անոնց շարժիչները շատ նման են Խորհրդային միութեան կողմէ օգտագործուած ուժեղ շարժիչներուն,որոնցմէ իւրաքանչիւրի հրթիռը 10 միջուկային գլուխ կը տեղափոխէր դէպի հեռաւոր ցամաքամասեր: