image

Թուրքիոյ քայլերը ամերիկեան դրդումի արդիւնք. Նախագահ Ասատ

Թուրքիոյ քայլերը ամերիկեան դրդումի արդիւնք. Նախագահ Ասատ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը զօրքեր ուղարկած է Սուրիա ամերիկացիներու ցուցումով: Նման կարծիք յայտնած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը «Ռոսիա 24»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:

«Ռազմական տեսանկիւնէ առաջնահերթ խնդիրն այժմ Իտլիպն է: Ակնյայտ է, որ Էրտողանն իր զօրքերը ուղարկած է ամերիկացիներու ցուցումով: Իտլիպի ազատագրումէն ետք մեր նպատակը պիտի ըլլայ արեւելեան շրջաններու ազատագրումը»,- ըսած է ան:

Ասատ նաեւ յայտարարած է, որ Անգարան կը խոչընդոտէ Իտլիպի ազատագրման: «Թուրքիան ներդրած է բոլոր ուժերը, որպէսզի խոչընդոտէ Իտլիպի ազատագրումը ու որպէսզի մենք չկարենանք շարժիլ դէպի արեւելք »,- ըսած է Սուրիոյ նախագահը: