Ամերիկեան «CNN» հեռուստակայանը յայտնած է, որ նախագահ Թրամբ Չինաստանի մայրաքաղաքէն հեռախօսակապ հաստատած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պին Սալմանի հետ, խնդրելով վերջինիս ազատ արձակել Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին:
Ըստ «CNN»ի, հաւանական է, որ նշուած հեռախօսազրոյցէն ետք դրական զարգացումներ տեղի ունենան:
Քննարկուած տարբերակներուն համաձայն, Հարիրի կա'մ Լիբանան պիտի վերադառնայ, կա'մ Ֆրանսա տեղափոխուելով քանի մը ամիս այնտեղ պիտի մնայ: