Իրանի կառավարութեան խօսնակ Մուհամմատ Պաքր Նոպախթ յայտարարած է, որ Թեհրան գործնական քայլեր ձեռնարկած է տոլարը շրջանառութենէ դուրս բերելու եւ առաւելաբար եւրոյի վրայ կեդրոնանալու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆարս» լրատուական գործակալութիւնը:
Նոպախթ նշած է նաեւ, որ Ռուսիա նոյնպէս գործնական քայլերու դիմած է, տոլարը շրջանառութենէ դուրս բերելու համար, սակայն ռուսական կողմէն նման յայտարարութիւն չէ հրապարակուած:
Նոպախթի պնդմամբ, շարք մը նոր որոշումներ կայացուած են նաեւ տոլարը առեւտրական գործողութիւններէ դուրս մղելու ուղղութեամբ, բան մը, որ պիտի ամրապնդէ տարածաշրջանի երկիրներու համագործակցութիւնը, ինչպիսիք են Իրանը, Ռուսիան եւ Արտպէյճանը: