Յառաջիկայ 16 Մայիսին իր լրումին պիտի հասնի Միջին Արեւելքի համար մշակուած «Սայքս-Փիքո» համաձայնագրին 100-ամեակը: Այս համաձայնութեամբ է, որ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման նախօրէին Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան սեղանի վրայ դրին Միջին Արեւելքը իրենց միջեւ բաժնելու ծրագիրը: Այդ քաղաքական քարտէզին շնորհիւ եղած բաժանումները կը տեւեն ցայսօր: Ճիշդ է նաեւ, որ «Սայքս-Փիքո» համաձայնագրի երկու հիմնական հովանաւորները այսօր առաջուան ազդեցութիւնը չունին Միջին արեւելեան տարածքաշրջանին վրայ, բայց եւ այնպէս 100 տարուան ժամանակ մը բաւարար է, որ Սուրիան, Իրաքը, Յորդանանը, Լիբանանը եւ այլ երկիրները տարբեր առումներով այս երկիրներու գլխաւոր արբանեակները համարուին:
Տարբեր առիթներով խօսուած է այս համաձայնագրին ժամանակավրէպութեան մասին: Համաձայնագրին հինցած ըլլալը կը պայմանաւորուի մի քանի կարեւոր ազդակներով , որոնց թուարկումը անհրաժեշտ է՝ փորձել հասկնալու համար, թէ յառաջիկայ հանգրուանին կազմուելիք նոր Միջին Արեւելքը ինչ հաւանական պատկեր կրնայ ունենալ:
Այդ հանգամանքները հետեւեալներն են.-
ա.- Շրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրները փոխուած են: Մինչ մօտիկ անցեալին Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան էին, որոնք կը հովանաւորէին այս տարածքները, այսօր այդ դերը տրուած է այլ երկիրներու:
բ.- Շրջանին մէջ մեծագոյն դեր ունեցող երկիրը Միացեալ Նահանգներն է:
գ. Միացեալ Նահանգներ այսօր կը գիտակցի, որ առանձինն անկարող է վարել այս տարածքաշրջանը:
դ. ԱՄՆ-ի հետ ընդհանուր խաղին մասնակից են Ռուսիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան:
Այս ընդհանուր վիճակներուն մէջ բացայայտ է նաեւ, որ նոր քարտէզի կազմութիւնը, կամ վերը նշուած տիրութեանց հիմնական դերերու բաշխումը կը կատարուի Սուրիոյ մէջ:
Վերը թուարկոված կէտերէն բացի կայ նաեւ տնտեսական գործօնը: Գերտէրութեանց միջեւ առկայ շահերու խաչաձեւումին հետեւանքով է, որ այսօր Միջին Արեւելքը դարձած է պատերազմի արիւնալի դաշտ: Այս առումով պէտք է նշել, որ 2010-ին Դամասկոսի մէջ կայացուած միջազգային համաժողովի քուլիսներուն մէջ քննարկումի դրուած է Սուրիոյ ունենալիք դերը շրջանին մէջ, ե՛ւ Ֆրանսայի ե՛ւ Թուրքիոյ նախագահներուն կողմէ Պաշշար Ասատին առաջարկ ներկայացուած է հեշտացնել Քաթարէն դէպի Թուրքիա հասնող նաւթատար խողովակներու կառուցման առընթեր անոր աջակցութիւնը: Ասատ կտրականապէս մերժած առաջարկը, առաջարկող կողմերուն բացատրելով, որ նման քայլ պիտի վնասէ Սուրիա- Ռուսաստան ռազմավարական յարաբերութիւնները: Այդ յարաբերութիւնները բնականաբար Ասատ ժառանգած է իր հօրմէն՝ Հաֆէզ Ասատէն, որ Խորհրդային Միութեան ամէնէն վստահելի դաշնակիցն էր շրջանին մէջ: Այստեղ դաւադրութեան տեսութիւնը չէ, որ կարեւոր առանցք կը հանդիսանայ, այլ շահերու վրայ հիմնուած եւ այդ շահերու բախումներէն բխող հակասութիւնները: Սուրիոյ պատերազմը հետեւաբար արդիւնք է տնտեսական անյետաձգելի շահաբաշխումի մը, որ սակայն վերջին պահուն կը վերածուի զինուորական բախումներու՝ յետաձգելով ոչ միայն նաւաթատար խողովակներու կառուցումը, այլ խլելով հազարաւոր մարդոց կեանքը եւ աւերակուած վիճակի մատնելով դէպքերէն առաջ 24 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Սուրիան:
Այս տուեալներուն լոյսին տակ եւ արդէն 5 տարիէ ի վեր ընթացող պատերազմը, բացի անկէ, որ կործանած է Սուրիոյ մեծագոյն քաղաքները, գետնի վրայ չէ յաջողած հակամարտող կողմերէն որեւէ մէկուն դրական առաջընթաց ապահովել: Պատերազմի գնով գետնի վրայ փոփոխութիւն իրականցնելու անհար ըլլալը այսօր լաւապէս հասկցած են Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան, որոնց բարձրագոյն մակարդակի շփումներուն իբրեւ հետեւանք՝ կարելի եղած է այսօր «անկայուն հրադադար» մը հաստատել Սուրիոյ մէջ: Երկու գերտէրութեանց արտաքին գործոց նախարարները տարբեր առիթներով կը խօսին հրադադարի պահպանման անհրաժեշտութեան մասին: ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրայի կազմակերպած ժընեւեան բանակցութիւներուն մասին բոլոր կողմերը ունին նոյն տեսակէտը եւ անոնց կողմէ այս բանակցութիւնները արդէն կը համարուին «մեռեալ» բանակցութիւններ: Այս առումով երեւելի է, որ ընդդիմութեան գլխաւոր մղիչ ուժ հանդիսացող Րիատը եւս կը հասկնայ, որ Սուրիոյ տագնապին հանգուցալուծման հանգրուանը տակաւին չէ հասունցած: Մինչ ընդդիմադիր կողմերը իրենց ունեցած խաղաքարտերը կը փորձեն տարբեր հնարքներով դնել բանակցութեանց սեղանին,անդին Սուրիոյ իշխանութիւնները կը թուին աւելի հանգիստ ըլլալ:
Ռուսական միջամտութեամբ եւ նեցուկով ամրագրուած սուրիական բանակը կը շարունակէ կռուիլ տարբեր ճակատներու վրայ: Իշխանութիւնները նոյնպէս կը փորձեն բանակցութեանց սեղանին ներկայանալ իրապաշտ եւ գործադրելի առաջարկներով:
Սակայն նոյն բանակը այսօր ի զօրու չէ արեան գնով նոր մաքառումներու երթալ, գրաւելու այն հատուածները, որոնք կը գտնուին իր իշխանութիւնէն դուրս, բայց յստակ է, որ այդ բանակը չի գտնուիր վերջնական հատնումի կամ պարտութեան դռներուն առջեւ:
Եթէ զինուորական որեւէ մեծ շարժ պիտի կատարուի, ապա այդ մէկը պայմանաւորուած պիտի ըլլայ բացառապէս միջազգային դաշնակից ուժերու մասնակցութեամբ ըլլալիք գործողութեամբ, կամ՝ «կանաչ լոյս»ով: Այս առումով պէտք է լաւապէս հասկնալ, որ գետնի վրայ ըլլալիք որեւէ յառաջխաղացում պէտք է ըլլայ «բոլորին համար եւ՝ յանուն»: Այսինքն բացառուած է, որ Րիատի հովանին վայելող «Ճայշ Ալ-Իսլամ»ը կամ Քաթարի եւ այլ երկիրներու օրհնութիւնը կրող «Ալ-Նուսրա» ճակատը յաւելեալ դիրքեր կորսնցնեն ու պարտուին: Այսօրուան գլխաւոր թիրախը եւ տեղաշարժ կատարելու առանցքը ԻՇԻՊ-ն է, որուն անպարտելիութիւնը նոյնպէս հովանաւորուած է մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն:
Այս խճճուած պատկերին առջեւ յստակ է նաեւ, որ վաղուան Միջին Արեւելքի հիմնական սահմանները կը գծուին Սուրիոյ մէջ: Ու այս բոլորէն անդին, այսօրուան խաղացողներուն կամքը այդքան ալ կարեւոր չէ, ինչքան Միացեալ Նահանգներու կամքը, որ սակայն յառաջիկայ ամիսներուն զբաղուած պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութեան օրակարգով:
Ապահովական առումով Մոսկուա եւ ԱՄՆ վճռած են ամէն գնով պահպանել ներկայիս գործող հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը: Իսկ ընդդիմութեան կողմէ գետնի վրայ կատարուած բոլոր փորձերը կը միտին ամրապնդել իրենց դիրքերը, սակայն առանց շօշափելի արդիւնքներու հասնելու:
Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումները կրնան աւարտիլ միայն այն ժամանակ, երբ պատրաստ ըլլայ շրջանին համար արդէն իսկ գծուած նոր քարտէզը, որ հիմքը պիտի դառնայ նոր «Սայքս-Փիքո»յատիպ համաձայնութեան մը:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ» / Պոլիս