Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ չորեքշաբթի օր հերքած է այն պնդումները, թէ Ռուսաստանը մտադիր է Տէր Զօրի մէջ ռազմակայան ստեղծել:
Մուալլէմ խօսելով ռուսական RT կայանին, ըսած է. «Ռուսաստանը Տէր Զօրի մէջ ռազմակայան ստեղծելու կարիք չունի, մենք իր հետ համաձայնութիւններ ունինք Թարթուսի եւ Լաթաքիոյ մերձ եղող Հմիմին ռազմակայանի վերաբերեալ: Ռուսիոյ ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ ծրագրային է, որուն մենք մեր համաձայնութիւնը տուած ենք»:
Նշենք, որ 30 սեպտեմբեր 2016-էն Ռուսաստանը նախագահ Պաշշար Ասատի խնդրանքով, սկսած էր մասնակցութիւն բերել Սուրիոյ պատերազմին եւ գործողութիւններ իրականացնել ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ: