image

Սուրիացիները համեմատաբար տաքուկ ձմեռ պիտի «վայելեն»

Սուրիացիները համեմատաբար տաքուկ ձմեռ պիտի «վայելեն»

Սուրիոյ Նաւթի նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կազամատակարարման նոր գիծ մը պիտի կիռարուի, «Հայյան» ընկերութեան պատկանող նաւթի հորերէն կազը երկրի կեդրոնը գտնուող «Էպլա» գործարան տեղափոխելու նպատակով, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նոր նախագիծին արդիւնքով կազի օրական արտադրութիւնը պիտի աւելնայ 1,7 միլիոն խորանարդ մեթրով, որ եւ դրական կերպով պիտի ազդէ տնային կազի արտադրութեան չափերուն վրայ:

Վառելանիւթի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Սամիր Ալ Հուսէյնի պնդմամբ, այս տարի սուրիացիներուն համար ձմեռը տաքուկ պիտի ըլլայ: Վերջինիս փոխանցած տուեալներով, Սուրիոյ տարբեր

շրջաններուն մէջ արդէն 500 հազար ընտանիք վառելանիւթի իրենց բաժնի առաջին մասն ստացած են:

Ելեկտրականութեան նախարարութիւնն իր հերթին յայտարարած է, որ արդէն պատրաստ է ձմրան եւ Նաւթի նախարարութեան հետ համագործակցաբար նախագիծ մշակած է, ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութիւնն աւելցնելու համար, շեշտելով, որ 2 ամիսէ ի վեր Սուրիոյ տարածքին ելեկտրական հոսանքի անջատումները դադրեցուած են, եւ սուրիացիները շուրջօրեայ ելեկտրականութիւն կը վայելեն: