Քաթալոնիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահ Քարմի Ֆորքատէլ, հինգ այլ անձերու հետ ներկայացած է Սպանիոյ Առաջին ատեանի դատարանին առջեւ, մեղադրուելով հրահրման, ըմբոստացման եւ հանրային ունեցուածքի շահագործման մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական կայքը:
Դատարանի դահլիճ մուտք գործելով Ֆորքատէլ Սպանիոյ միասնութեան կողմնակիցներու ծաղրական արտայայտութիւններուն արժանացած է, սակայն պատասխանելով ըսած է, որ քուէարկութեան միջոցով ընտրուած խորհրդարանէն ներս քննարկումներ եւ քուէարկութիւններ իրականացնելը յանցագործութիւն չէ:
Նշենք, որ Սպանիոյ դատարանը վեց մեղադրեալները դատի տրուած են այն բանի համար, որ իրենց դէմ առաջադրուած յանցագործութիւնները իրագործած պահուն պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւն կը վայելէին:
Վերջիններուս բանտարկութեան որոշումը կախուած է յառաջիկայ հարցաքննութիւններու արդիւնքներէն, որ կրնայ առաջնորդել անկախութեան կողմնակիցներու բողոքի ցոյցերու հրահրման: