image

Նոր Հալէպը Մոնթրէալի Մէ՞ջ

Նոր Հալէպը   Մոնթրէալի Մէ՞ջ

 Անցնող     ժամերուն ընկերային ցանցերու վերջին «բոց»ը Գանատայի վարչապետ  Ճիսթին Թրուտոյի       Գանատա ժամանած    սուրիացի փախստականներուն  դիմաւորելու լուրն էր: Դրուատական,  մեծարական, գնահատական եւ  շնորհակալական ի՜նչ  գեղեցիկ  խօսքեր   երկրի մը ղեկավարի հասցէին, որ միշտ ալ  մարդագրական խնդիր ունի եւ կը ցանկայ     իր քաղաքացիներու թիւը համալրել  նոր եւ թարմ աշխատուժով: Այդ գաղթականներու շարքին    սուրիահայեր ու մասնաւորապէս  Հալէպահայեր կան: Վերջին օրերուն  յայտնի դարձած տեղեկութիւններով Գանատայի Մոնթրէալ եւ Թորոնթո  քաղաքները   հաստատուելու համար հասած  են   4000  հայորդիներ:        Սուրիական  պատերազմի գէհէնէն    հազիւ  ճողոպրած   հայորդիները   արդէն կը հաստատուին Գանատայի մէջ: Անոնք  կը հետեւին լեզուական ուսուցման յատուկ դասընթացքներու եւ կը պատրաստուին Գանատայի    «աշխոյժ եւ պարտաճանաչ» քաղաքացիներ դառնալ:     Գանատան  դարձեալ  պիտի շահի ու օգտուի անոնց ճարտար ձեռքերէն,  ունեցած  փորձէն եւ իր շարքերը համալրէ   այդ երկրին հանդէպ երախտապարտ    ըլլալու բոլոր պատճառները ունեցող քաղաքացիներով:      Հոս տուժողը  ոչ միայն հալէպահայութիւնն է,    այլ  ամբողջ հայութիւնը, որովհետեւ   պատերազմի        արիւնէն փրկուծ հայորդիներուն համար ալ առաջնային պիտի չըլլայ  որպէս հայ իրենց կեանքը շարունակելը:  Գանատայի մեծ ձուլարանին իրենց բախտը տուած մեր  հայրենակիցները ինչքանով  պիտի դիմանան  այդ  «սառնամանիք»ին  մէջ  կամ    իրենց համար ինչքանով առաջնային  պիտի ըլլայ, որպէս հայ շարունակել  ապրիլը:  Վաղուան օրը,  արդեօ՞ք անոնք պիտի բանան իրենց քսակները Հայաստանի  կարիքներուն կամ  հպարտութեամբ պիտի խօսի՞ն   իրենց հայրենիք՝ Հայաստանին   մասին:  Այս  հարցադրումները կարեւոր են, ոչ թէ մեղադրական    հայացքներով նայելու   եղելութիւններուն, այլ պարզելու համար, որ այսօր այս պահուն   երբ  արիւնլուայ եւ վիրաւոր Հալէպը  իր    ամէնէն ծանր օրերը կ'ապրի  «Նոր Հալէպ»  մը  Հայաստանի մէջ կերտելու գաղափարը   կը պարպուի իր իմաստէն:  Տակաւին կայ սոսկումը,  որ Երեւան   ապրող հալէպահայերուն  կարեւոր տոկոսը եւս  հեռանայ    Երեւանէն (ինչպէս  մօտիկ անցելին ըրին իրաքահայերը)  եւ «օտար ափերում» իր բախտը  որոնէ: Այս բոլորը կան:  Այս բոլորը ճշմարտացի են: Բայց   կարեւորը կը մնայ, թէ որո՞նք է այն ղեկավար մարմինները, որո՞նք  են  այն պատասխանատունները, որոնց  ուսերուն  պէտք է ըլլար նոր Հալէպ  մը    կերտելու, նոր Հալէպ մը  հիմնելու,  նոր Հալէպ մը Հայաստանի ապահով երկինքի տակ    մէջտեղ բերելու նախաձեռնութիւնը:  Հալէպ հասկացողութիւնը,     եթէ  ոգեղէն ամրութիւն է  նաեւ  բարւոք եւ ապահով ապագայ  ունենալ  կը նշանակէ, ու այս  առումով ոչ ոք իրաւունք ունի  մեղադրել այն հայորդիները, որոնք   հարիւր տարի ետք  հերթական անգամ «պանդուխտի ցուպը առած»    իրենց   «կեանքի երազ»ը կը փնտռեն Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի «լուսաւոր» փողոցներուն  մէջ:

 

 «Զիլ Խօսք»