(Վախճանման 12-րդ տարելիցին առիթով)
30 Ապրիլ 2004-ին, այս աշխարհէն առ յաւէտ իր աչքերը փակեց շատերուն համար սիրելի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը: Արդարեւ, լուսահոգի Զարեհ Սրբազանին մասին խօսիլ, կը նշանակէ անոր ամբողջ կեանքին մասին խօսիլ, որովհետեւ Սրբազանին կեանքն ամբողջ եղաւ դպրոց մը բոլոր զինք ճանչցողներուն համար՝ իր կենդանի օրինակով, իսկ զինք չճանչցողներուն համար՝ իր գրութիւններուն ընդմէջէն:
Վստահաբար այսօր Սրբազանին հոգին կը խայտայ ի տես զինք սիրողներուն ու գնահատողերուն կատարած ճիգերուն՝ զինք անմահացնելու համար: Լիբանան, Կիպրոս, Գանատա, Պարսկաստան ու Հայաստան... Այդ փայլող Կանթեղին շիջումէն ետք, տասնեակ հատորներով աշխատանք կը տարուի յաւերժացնելու Սրբազան Հօր յիշատակը: Լուսահոգի Սրբազանը տակաւին շատ բան ունէր տալու:
Սրբազան Հայրը անվարանօրէն կարելի է կոչել մերօրեայ սուրբը: Աշակերտութեանս տարիներուն յիշատակները տակաւին թարմ են: Սրբազան Հայրը, երբ Անթիլիասի Մայրավանքին շրջաբակին մէջ ըլլար, հաւատացեալ մարդիկ անպայմանօրէն կը փորձէին մօտենալ ու Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալ: Մենք եւս՝ աշակերտներս կը փորձէինք մօտենալ, ու այդ պարթեւական հասակ ունեցող պատկառելի անձնաւորութեան հազիւ լսելի ձայնով մը դիմել. «Աստուած օգնական Սրբազան Հայր», ու լսել պատասխանը բամբ ձայնով ու քաղցր ժպիտով մը. «Աստուած ձեզ պահապան, տղաքս»:
Յիշատակն արդարոյն, օրհնութեամբ եղիցի
Յակոբ Քորթմոսեան
1 Մայիս 2016