image

Լիբանանի մէջ «Զօրաշարժի դրութիւն»ը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 26 ապրիլը

Լիբանանի մէջ «Զօրաշարժի  դրութիւն»ը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 26  ապրիլը

«Քորոնա»  վարակի  տարածման  դէմ  պայքարի  ծիրին մէջ Լիբանանի  կառավարութիւնը մտադիր է  վերջին շրջանին    երկրին մէջ     հաստատուած «Զօրաշարժի  դրութիւն»ը  երկարաձգելու։

Այս մասին    լուրը կը հաղորդէ  «Ալ Ժումհուրիյա»  պարբերականը՝ յղում կատարելով  կառավարութեան մօտ   կանգնած  աղբիւրներու։  Կատարուած  լրատուութեան հիմքով    պարզ կը դառնայ, որ  Լիբանանի  մէջ   գործող «Զօրաշարժի դրութիւն»ը     պիտի երկարաձգուի մինչեւ  26     ապրիլը։

Կը նշուի նաեւ, որ   հակառակ     պետական  մարմիններու   կողմէ լսելի  դարձած  բոլոր յորդորներուն,    մեծ թիւով  լիբանանցիներ կը շարունակեն  խախտել  դրուած օրէնքները  եւ շրջագայիլ իրենց   թաղամասերուն  մէջ, բան մը  որ  կը համարուի հաւանական   պատճառ   «Քորոնա»ով  վարակուածներու թիւի նկատելի աճին։

Յիշեցնենք, որ  վերջին տուեալներուն համաձայն  Լիբանանի մէջ  վարակակիրներու թիւն է՝  575,   մահացութիւններունը՝  19- ը:

Ինչպէս  աւելի վաղ   «Արեւելք»  լրատուութիւն կատարած է՝ր   «Քորոնա»ի   հետեւանքով  Լիբանանի մէջ  մահացած են երկու հայորդիներ՝   Պետիկ Օղկասեանն  ու Շահէ  Թասլաքճեանը։