Դամասկոսի մէջ մեկնարկած է «Սուրիան կ'առողջանայ» խորագիրը կրող գիտական միջոցառումը, որ 2017 թուականի խոշորագոյն գիտական միջոցառումը կը համարուի, եւ որուն օրակարգը կ'ընդգրկէ աւելի քան 100 գիտական դասախօսութիւններ ու նիստեր:
Միջոցառման մեկնարկը, ըստ «Սանա» լրատուական գործակալութեան, տրուած է «Ալ Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստներու տան մէջ, որմէ ետք 3 օրուան ընթացքին տարբեր հիւանդանոցներու եւ բժշկական կեդրոններու մէջ դասախօսութիւններ եւ նիստեր պիտի գումարուին:
Միջոցառման մաս պիտի կազմէ նաեւ առողջապահութեան ոլորտի աշխատակիցներու պարգեւատրումը, որոնք աչքի ինկած են իրենց իւրայատուկ աշխատելաոճով:
Դամասկոսի Առողջապահութեան վարչութեան տնօրէնին խօսքով, գիտական դասախօսութիւններն ու նիստերը ութ տարբեր հիւանդանոցներու մէջ գումարելուն նպատակը տարբեր մասնագիտութեան բժիշկներու եւ առողջապահական ոլորտի աշխատակիցներու մասնակցութիւնն ապահովելն է: