Մինչեւ Հայաստանի երկրորդ անկախութիւնն ու անկախութենէն ետք մօտաւորապէս տաս տարիներ, Հայաստանը սփիւռքահայերուն համար նուիրական ու սուրբ գաղափար էր: Գաղափար, որով երկար տարիներ սփիւռքահայը ինքզինք որպէս հայ պահեց, բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր կեանքի ծանր պարագաները տարին զինք: Գաղափար, որով քանի՜-քանի՜ սերունդներ դաստիարակուեցան եւ ապրեցան Հայաստանով ու այն երազով, որ լուսաշող օր մը, պիտի հաստատուին Հայաստան, ապրելու համար այդ դրախտավայր երկրին մէջ:
Յետանկախութեան շրջանը եկաւ այդ բոլոր երազանքներն ու ապրումները շոգիացնելու, որովհետեւ Հայաստանի անկախութենէն ետք իշխանութեան գլուխ անցան այնպիսի խմբաւորումներ, որոնք անցնող 25 տարիներու ընթացքին, Հայաստանը ծաղկեցնելու ու բարգաւաճելու փոխարէն, զայն վերածեցին անապատի՝ թալանելով ամէն ինչ, սեփականութիւն, ունեցուածք, ամէն-ամէն ինչ, մինչեւ իսկ մարդիկը (մարդիկը այն առումով, որով այսօր Հայաստանը օր օրի կը դատարկուի, շնորհիւ իշխանութիւններուն վարած ազգակործան ու երկրակործան քաղաքականութեան), բաւարար է հայեացք մը նետել այն երկիրներուն, որոնք եւս սովետական իշխանութեան ենթակայ էին, սակայն այսօր անբաղդատելի կերպով շատ աւելի բարգաւաճ են, քան՝ Հայաստանը: Արդարեւ, մարդիկ աւելի կը նախընտրեն երթալ օտարին աղբը մաքրել, քան մնալ Հայաստան ու ենթակայ դառնալ իշխանութիւններուն կամակորութիւններուն եւ համատարած թալանին:
Անդին, սակայն, այս բոլոր ժխտական եւ անյուսադրիչ պարագաներուն մէջ, դեռ եւս կան ՀԱՅեր, որոնք հակառակ ամէն ինչի կը յամառին մնալ Հայաստանի մէջ, կ'որոշեն օտար երկիրները ձգել ու վերադառնալ Հայաստան, ապրելու, տոկալու, պայքարելու, յանուն փայլուն եւ պայծառ Հայաստանի մը:
Հայաստանի մէջ ապրիլը ներկայիս դիւրին չէ, չըսելու համար անհնարին է: Ամէն կողմ, ամէն տեղ դժուարութիւններ, դժուարութիւններու կողքին՝ կեղեքումներ, կեղեքումներու կողքին՝ ճնշումներ, ճնշումներու կողքին՝ թալան ու կողուպուտ, թալանի ու կողոպուտի կողքին՝ անարդարութիւն եւ անիրաւութիւն: Այս բոլորը սակայն, Հայաստանի մէջ դեռ եւս գոյատեւող ՀԱՅերուն համար յաղթահարելի են, որովհետեւ հայրենիքը անձերը, իշխանութիւնները կամ վարչակարգերը չեն, այլ՝ հայրենիքը հողն է, որ հարազատ մայր է իւրաքանչիւր հայու համար: Առանց այդ հարազատ մօր, անհնար է որպէս հայ գոյատեւել, ինչքան ալ կառչած մնանք մեր արմատներուն, մեր սկզբունքներուն, մեր լեզուին ու գրականութեան, մեր կրօնքին, օրին մէկը անպայմանօրէն պիտի կորսուինք, պիտի հալինք ու լուծուինք օտարութեան մէջ: Եթէ մենք չլուծուինք ու կորսուինք, մեր զաւակները անպայմանօրէն պիտի կորսուին: Չմոռնանք, մենք մեծցանք ու աճեցանք Հայաստանի տեսլականով, Հայաստանի երազով, իսկ այսօրուան պատանիներն ու մանուկները ինչպէ՞ս դաստիարակել, որ նոյն այդ ոգին սերմանուի իրենց մէջ, երբ Հայաստանի մասին մի միայն վատն ու ժխտականն է, որ կը խօսուի ու կը քարոզուի:
Չպէտք է մոռնալ սակայն, որ առանց Հայաստանի վաղ թէ ուշ հայ պիտի չմնայ: Չպէտք է մոռնալ, որ առանց հարազատ մօր մատակարարած սնունդին, ինչքան ալ սնուինք, թերի ու պակաս պիտի մնանք, չըսելու համար հիւանդ: Ճիշդ է, որոշ ժամանակ մը մեր հարազատ մայրը ակամայ կերպով հիւանդացած էր եւ ո՛չ-մասնագէտ բժիշկներու ձեռքը մնացած էր: Այսօր, սակայն, վիճակը փոխուած է: Ո՛չ-մասնագէտ բժիշկին եկած է փոխարինելու ԿՈՅՐ բժիշկը, որ աւելի վտանգաւոր է քան առաջինը: Անդին, օտար երկիրներու մէջ ապրելով, երբեմն-երբեմն Հայաստան այցելելով, մեծ նուիրատուութիւններ կատարելով, բնականաբար կարելի չէ՛ Հայաստանը փրկել ու պահել: Հայաստանը կարելի է փրկել ու պահել միայն հայերով, հայերով, որոնք քաջութիւն ունին մնալու Հայաստանի մէջ, կամ օտար երկիրներէն գալու եւ հաստատուելու Հայաստանի մէջ: Այլապէս, ամէն տեսակի գաղափարախօսութիւններ ու հայերենասիրական ճոռոմաբանութիւններ կեղծ ու փուճ են:
Հայաստանի մէջ ապրելու համար անհրաժեշտ է կամք, առո՛ղջ կամք: Կամք ունեցող հայն է միայն, որ կրնայ Հայաստանի մէջ ապրիլ ու գոյատեւել, յանուն պայծառ ու բարգաւաճ Հայաստանի մը:
Յակոբ Քորթմոսեան
17 Յունիս 2016