Իրանի Իսլամական հանրապետութեան յեղափոխական պահակախումբի զօր. Քասէմ Սուլայմանիի ջանքերով, ձախողած է իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ «երկրորդ Իսրայէլ» մը հիմնելու ծրագիրը: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», յղում ընելով Իրանի յեղափոխութեան Գերագույն առաջնորդի գրասենեակի տնօրէն Մուհամէտ Քալպայքանին:
Իրանեան «Ֆարէս»լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Քալպայքանին երկրի նուազ աճող շրջաններուն մէջ 200 մզկիթ եւ մշակութային կեդրոններ հիմելու ծրագրի բացման արարողութեան ըսած է. «Ամերիկան եւ Իսրայէլը ծրագրած էին «երրորդ Իսրայէլ» մը հիմնել Իրաքի Քուրտիստանին մէջ եւ շատ ամօթ էր անոնց Իսրայէլեան դրօշ բարձրացնելը», աւելցնելով, որ «սակայն Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդի հրահանգներով եւ զօր. Սուլայմանիի ջանքերով ձախողութեան մատնուեցաւ անոնց ծրագիրները եւ Քէրքուքը ազատագրուեցաւ՝ առանց արիւնահեղութեան»: