image

Իրանա-սուրիական նոր համաձայնագիրը «պիտի փրկէ» Ասատի կառավարութիւնը

Իրանա-սուրիական նոր համաձայնագիրը «պիտի փրկէ» Ասատի կառավարութիւնը

Իրանի նախագահի առաջին տեղակալի խորհրդական Սաիտ Աուհատի Թեհրանի մէջ Սուրիոյ Ելեկտրական ուժանիւթի նախարար Մուհամմէտ Զուհէյր Խարպութլիի հետ հանդիպման ընթացքին հաստատած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրամատակարարման երկրորդ օժանդակ գիծը ի գործ պիտի դրուի յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին, կը գրէ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը:

Աուհատի նաեւ բարձր գնահատած է Սուրիոյ կառավարութեան ջանքերը, ի կատարումն երկու երկիրներուն միջեւ առկախուած եւ կնքուած բոլոր պայմանագիրներուն, որոնք կը վերաբերին ելեկտրամատակարարման:

Միաժամանակ իրանեան քաղաքական գործիչը կարեւորած է Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի ելեկտրամատակարարման ցանցերու միացումը, որ կը բխի երեք երկիրներուն միջեւ ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակման անհրաժեշտութենէն:

Իր հերթին Սուրիոյ Ելեկտրական ուժանիւթի նախարարը շեշտած է, որ իրանեան ելեկտրամատակարարման առաջին օժանդակ գիծը նպաստեց Սուրիոյ մէջ մեծ թիւով նախագիծերու իրագործման, յոյս յայտնելով, որ երկրորդ գիծի կիրառումը չ'ուշանար, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նորանոր խոշոր նախագիծեր իրականացնելու համար: