Օրեր առաջ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները փտածութեան եւ գումարներու լուացման մեղադրանքով ձերբակալեցին աշխարհի ամենահարուստ այրերէն մին համարուող Ուալիտ Պին Թալալ, որուն ունեցուածքը կը գնահատուի 17 միլիառ տոլարով: Ձերբակալութեան յաջորդեց տարբեր հասարակական խաւերու կողմէ բարձրացուած հարցադրումը, թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ վերջինիս ունեցուածքին:
Ըստ օտարերկրեայ ներդրողներու, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը, 62-ամեայ Պին Թալալ Արաբական ծոցի երկիրներու եւ յատկապէս Սէուտեան Արաբիոյ մէջ ներդրումներու զարգացման կամ անկման խորհրդանիշը կը համարուի:
Պըն Թալալ բաժնետոմսեր ունի աշխարհի խոշորագոյն ընկերութիւններու մէջ, ինչպիսիք են «Թուիթըր», Ամերիկայի ելեւմուտի հիմնարկը, «Սիթի Կրուփ» ընկերութիւնը, Աւստրալական հեռուստակայաններու ցանցը, եւ շարք մը այլ նշանաւոր ընկերութիւններ:
Բացի անկէ, սէուտցի էմիրը մեծ բաժիններ ունի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող ներդրումային ընկերութիւններուն, հիւրանոցային ցանցերուն եւ հեռուստակայաններուն մէջ:
Ըստ «Forbes»ի 2013 թուականի հրապարակման, Ուալիտ Պըն Թալալի պալատը աշխարհի խոշորագոյն պալատներէն մէկն է 420 սենեակով, ան ունի նաեւ անձնական ինքնաթիռ՝ «Boing 747», որ կահաւորուած է ոսկեզօծ արքայական գահով, ինչպէս նաեւ 120 լծվարի վրայ տարածուող զբօսաշրջային համալիր եւ 5 արհեստական լիճեր:
Փորձագէտներու կարծիքով, Պին Թալալի ունեցուածքի ապագան կը մնայ անյայտ, սակայն վերջինիս ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք «Ալ Մամլաքա Ալ Քապիտա» ներդրումային ընկերութիւնը, որուն վարչական խորհուրդի նախագահը Պին Թալալ է, ստացած է իր առաջին հարուածը, երբ անոր բաժնետոմսերը 10 տոկոսով արժեզրկուած են:
Եւրոպական ելեւմուտի հաստատութեան նախագահներէն մէկը «Ռօյթըրզ»ին փոխանցած է, թէ ներկայիս իրենց կեդրոնացումը պիտի ըլլայ վերջին դէպքերու նշանակութեան պարզաբանման վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի փորձեն յստակեցնել ձերբակալուող անձերու արտաքին ներդրումներու տեսակներն ու պարզել, թէ որքանո՞վ պիտի ազդուին անոնք տեղի ունեցածէն: