image

Հրատապ. Ռազմական վտանգաւոր զարգացում Լիբանանի սահմանին

Հրատապ.  Ռազմական վտանգաւոր   զարգացում Լիբանանի  սահմանին

Ռազմական   վտանգաւոր   զարգացում    մը գրանցուած է  Լիբանան-Իսրայէլ  սահմանային  հատուածին։

Այս մասին տեղեկութիւն կը հաղորդեն  լիբանանեան    ԶԼՄ-ներ, նշելով, որ        մինչեւ  այս պահը        «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլեան  բանակի   ջոկատներուն միջեւ  կրակոցներ կը գրանցուին։

Ըստ   «Ալ Մայատին»  կայանին        իսրայէլեան    բանակը  հրթիռարձակումներ  կը   գործէ Լիբանանի  սահմանային գիւղերուն ուղղութեամբ։

 

Կան տուեալներ, որ «Հըզպալլա»     զինուորական գործողութիւն մը կատարած է  իսրայէլեան բանակին   դէմ եւ գործողութիււնը տեղի ունեցած է   իսրայէլեան  «Հարտոֆ»  շրջանին մէջ։

Յիշեցնենք,  որ  այս  զարգացումը տեղի կ՚ունենայ որպէս փոխ  վրէժ անցեալ շաբաթ    Սուրիոյ մէջ      իսրայէլեան  կրակով  զոհուած «Հըզպալլա»ի  զինուորական  պատասխանատուի մը    սպանութենէն  ետք։