Այս պահուն Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ընթացք առաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող հանրահաւաքը՝ Տէրունական աղօթքով:
Տէրունական աղօթքը մատուցեց Դադիվանքի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանը:
Աղօթքի աւարտին տէրհայրը նաեւ նշեց, որ պահը հասած է, որ հայ ժողովուրդը միաւորուի եւ միասնական քայլերով փորձէ ազատագրել այն հողերը, որոնք խլուեցան թշնամիի կողմէ: