Գանատայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան վերջերս կազմուած մարմինը գործի անցնելով նիւթական հանգանակութիւն մը կազմակերպած է օժանդակելու համար Մերձաւոր Արեւելքի (մասնաւորապէս Լիբանանի), ինչպէս նաեւ Հայաստանի կարօտեալ ընտանիքներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայէն։
Նշենք նաեւ, որ այս առթիւ ԳԱՀԸ-ն հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ ՝
Որպէս պատասխան Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի ճգնաժամային կացութիւններուն, (ԳՀԱԸ)–ը վճռականօրէն գործեց: Մենք գործակցեցանք մեր քոյր կազմակերպութեան՝ (ԱՀԱԸ) Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հետ, օգնելու Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի համայնքներու մէջ COVID-19-ի ընկերա-տնտեսական կացութեան զոհերուն:
Մենք դիմեցինք Ձեզի խնդրանքով եւ դուք պատասխանեցիք եւ շնորհակալ ենք Ձեր օժանդակութեան համար: Ներկայյիս ԳՀԱԸ հանգանակած է աւելի քան $14,000:
Գործակցելով ԱՀԱԸ-ն հետ, մենք օգնած ենք 500 ընտանիքներու, որոնք կորսնցուցած են իրենց աշխատանքները Միջին Արեւելքի մէջ եւ կ՛օգնենք հարիւրաւոր կարօտեալ ծնողներու, որպէսզի կարենան իրենց երեխաներուն սնունդ ապահովել, որոնք պատերազմի պատճառով չեն կրնար ապրիլ տնտեսութեամբ վնասուած երկրի մը մէջ եւ անյուսօրէն կը հետեւին քաղաքական ճգնաժամին եւ COVID-19-ի մեկուսացման պայմաններուն մէջ իրենց երեխաները անօթի վիճակով անկողին կը դնեն:
Կը խնդրենք որ ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի կողմէ գրուած կարեւոր յօդուածը “Առաքելութիւնը COVID-19 շրջանին» ներքեւ նշուած կայքէջին մէջ կարդաք:
https://amaa.org/2020/06/12/the-mission-in-the-era-of-covid-19/
Մեր հանգանակութեան արշաւը կը շարունակուի: Նպատակադրած ենք հասնիլ մեր նախատեսած $25,000-ի թիրախին: Մենք չենք կրնար մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն սրտակեղէք տառապանքներուն հանդէպ անտարբեր մնալ:
Կրնաք ձեր նուիրատուութիւնները ընել՝
1. Վճարագիրներով (Checks) Ընկերակցութեանս հասցէին՝
payable to AMAC @ 45 Fairglen Ave., Toronto, Ontario, M1T 1G8
կամ Քեպէգ՝ @ 248 Rue Des Alismas, Laval, Quebec, H7X 0B1
2. Ինչպէս նաեւ կրնաք գործածել Pay Pal amacinc84@gmail.com եւ
3. Կամ interac e-transfer amacinc84@gmail.com
Ձեր նուիրատուութիւններուն համար տրազերծ ստացագիրները (Income Tax Receipts) շուտով պիտի ստանաք մեր գրասենեակէն։
Շնորհակալ ենք ձեր գործակցութեան: Յուսալից խոստում մըն է բոլոր անոնց համար՝ որոնք թշուառութեան մէջ կ՛ապրին :
Կանխայայտ շնորհակալութիւններով՝
Միհրան Ճիզմէճեան Րաֆֆի Շնորհօքեան
Ատենապետ Նախագահ