«The New York Times»-ը հաղորդած է, որ Գանատացի ընտանիք մը ազատ արձակուած է ահաբեկիչ զինեալներու կողմէ 5 տարի գերութեան մէջ մնալէ ետք:
Պարբերականը յայտնած է, որ 31-ամեայ Քէթլին Քոլմանի եւ 34-ամեայ Ճոշ Պոյլի եւ անոնց երկու երեխաները հինգշաբթի առաւօտեան տեղափոխուած են Փաքիստան:
Փաքիստանի բանակը իր հերթին յայտարարծ էր, որ բանակային ուժերը ազատագրած են գանատացի զոյգն ու անոնց երեք երեխաները, ամերիկեան գաղտի սպասարկութենէն որոշ տեղեութիւններ ստանալէ ետք եւ գերիները տեղափոխած է Փաքիստանի հիւսիս արեւմտաեն շրջան, առանց նշելու թէ գործողութիւնը երբ իրականացած է:
Կը նշուի, որ «Հաքանի ցանց» խումբը Քոլմանին եւ Պոյլին առեւանգած է 2012-ին, մայրաքաղաք Քապուլի մօտ: Այդ ընթացքին Քոլման յղի եղած է եւ իր երկու երեխաները ծննդաբերած է աւելի ուշ: