image

«Եղածը սոսկ պայթում մը չէր, այլ յարձակում էր»Լիբանանահայ Վիգէն Հաննէսեան

«Եղածը սոսկ պայթում մը չէր, այլ յարձակում էր»Լիբանանահայ Վիգէն Հաննէսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Պէյրութի «Շիրակ» հրատարակչատան սեփականատէր Վիգէն Հաննէսեանը:

 

-Գրեթէ քսան օրեր անցած են Լիբանանը ցնցած աղէտալի պայթումէն, այսօր ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէ Պէյրութի մէջ:


Նախ ճշդում մը ընեմ, Պէյրութը ցնցած պայթում մը չէր եղածը. առաջին վայրկեանէն իսկ լրատուական միջոցները՝ տեղական թէ միջազգային, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին մասին խօսեցան, սակայն այդ շրջանի բնակիչները շատ յստակօրէն լսեցին պատերազմական օդանաւի սարսափազդու ձայնը՝ պայթումէն ճիշդ առաջ. ըստ իս, եղածը յարձակում մըն էր:

Ինչ կը վերաբերի տիրող մթնոլորտին, ժողովուրդը յուսալքուած է, որովհետեւ ունի այն զգացումը, թէ ղեկավարուած է մարդոց կողմէ, որոնք չեն կրնար ապահովել իրենց կեանքի ամէնէն տարրական նախապայմանը, որն է՝ ֆիզիքական ապահովութիւնը: Մինչ այդ կային արդէն ջուրի, ելեկտրականութեան, կենսոլորտի, դրամատնային տագնապները, սղաճը, անգործութիւնը, կաշառակերութիւնը, եւ այս բոլորին վրայ բարդուեցաւ հիմա անապահով ըլլալու զգացումը, որ ահաւոր բան է:

 

-Հայկական շրջաններուն մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ, ի՞նչ տուեալներ կրնաք տալ:


Հայկական շրջանները՝ Հաճըն, Խալիլ Պատաուի եւ Պուրճ Համմուտ, բարեբախտաբար, քիչ մը հեռու էին պայթումի վայրէն եւ յարաբերաբար, բաղդատմամբ միւս շրջաններուն, վնասուածքները աւելի քիչ եղան, այնուամենայնիւ մեր շրջաններու բոլոր ապակիները փշրուած են: Բայց միւս շրջաններուն մէջ՝ Մար Մըխայէլ, Ժըմմայզէ, Քարանթինա եւ Էշրաֆիյէի բարձրունքը, ուր նոյնպէս շատ հայեր կը բնակին, կացութիւնը եւ վիճակը շատ աւելի դժուար է, շատ աւելի քանդում կայ:

 

-Աղէտեալ լիբանանահայերու մտավախութիւնները ի՞նչ են, ի՞նչ կը մտածեն վաղուայ մասին. տագնապալի վիճակի մէ՞ջ են, կա՞մ, ինչպէս միշտ, լիբանանահայը այս տագնապն ալ կ'անցընէ:


Կը կարծեմ, որ «այս տագնապն ալ կ'անցընենք»ի հոգեվիճակի մէջ չենք այլեւս: Ես չեմ խօսիր պաշտօնական յայտարարութիւններուն մասին, այլ՝ պարզ ժողովուրդին մասին, իմ մասին, մարդոց, որոնց կը հանդիպիմ առօրեայիս մէջ. բան մը կայ, որ մարդոց մէջ կտրուեցաւ, շատերը լաւատես չեն եւ շատ անորոշ վիճակի մը մէջ կը գտնուինք, մանաւանդ որ մինչեւ հիմա յստակօրէն չըսին ի'նչ էր պատճառը պատահածին, չեմ ալ կարծեր որ պիտի ըսեն, մէկը պատասխանատւութիւն չվերցուց, մէկը ներողութիւն չխնդրեց ժողովուրդէն, այսինքն, այն տպաւորութիւնը ունինք, որ ղեկավարուած ենք մարդոցմով, որոնք արժանի չեն երկիր մը ղեկավարելու:

 

-Մեծ թիւով լիբանանցիներ եղած աղէտին անմիջական պատասխանատուն կը համարեն Լիբանանը «կառավարող» իշխանութիւնները: Անոնք նոյնիսկ տարբերութիւն չեն դներ, այս կամ այն ղեկավարին միջեւ եւ բոլորը կը նկատեն եղածին համար մեղսակից:  Այս մասին ի՞նչ կը մտածէք։


Լիբանանցի ժողովուրդը իր ղեկավարութենէն միշտ յուսախաբ եղած է, պետութիւնը ժողովուրդին տարրական պէտքերը նոյնիսկ՝ ջուր, ելեկտրականութիւն, կենսոլորտ, բարեկեցիկ կեանք, չէ ապահոված, ասոնց վրայ մէկ տարիէ ի վեր աւելցած է դրամատուներու հարցը, մարդոց դրամները դրամատուներուն մէջ արգելափակուած են, ունինք սղաճ, անգործութիւն, իսկ այս բոլորին վրայ աւելցաւ այս աղէտը, այս խորհրդաւոր պայթումը, եւ պարզուեցաւ, որ այս պետութիւնը նոյնիսկ ժողովուրդին ֆիզիքական անվտանգութիւնը չի կրնար ապահովել, հետեւաբար ժողովուրդը ապագայի նկատմամբ ալ վստահութիւն չունի այլեւս, ժողովուրդին մէջ վախ կայ, թէ՝ յաջորդ փորձանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

 

-Եթէ իրավիճակը այսպէս լարուած մնայ, լիբանանահայութեան որոշ խաւ մը կը գաղթէ՞ Լիբանանէն: 

Այո, կը կարծեմ, որ ոչ միայն որոշ խաւ մը, այլ զանազան խաւեր պիտի գաղթեն Լիբանանէն, ամէն մարդ իր կարողութեան, իր ընտանեկան պայմաններուն համեմատ տեղ մը պիտի երթայ: Ես յստակ օրինակ մը կրնամ տալ, մեր տպարանի անձնակազմէն տիկին մը, երկու օր առաջ ամուսինին եւ երկու զաւակներուն հետ վերջնականապէս Հայաստան տեղափոխուեցան:

 

-Քաղաքական առումով, ամբողջ աշխարհը կը հետեւի Լիբանանի զարգացումներուն, արդեօք այդ մէկը ձեզի յոյս կը ներշնչէ՞, որ Լիբանանի տագնապը հասած է լուծման փուլին:


Չեմ կարծեր, Լիբանանը կը նմանի մարդու մը, որ մի քանի տեսակ շատ լուրջ հիւանդութիւններէ կը տառապի, հիմա այս բոլորին վրայ աւելցաւ Միջերկրականի կազը:  Հիմա հարց է, թէ այս պետութիւնները կու գան Լիբանանի՞ համար, թէ՞ իրենց շահերը պաշտպանելու համար: Միայն հրաշք մը կրնայ այս երկիրը ոտքի հանել։

 

- Համայնքին մէջ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այն աշխատանքները, որոնք կը կատարուին օգնելու համար կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն:


Բոլորովին նոր կացութիւն մըն է ներկայ կացութիւնը, մանաւանդ նաւահանգիստի աղէտէն ետք, որ եկաւ աւելնալու «Քորոնա»ի, տոլարի հարցին, անգործութեան, սղաճին... կարիքները այնքան շատ են, որ չեմ գիտեր այս բոլորին ինչպէս գոհացում պիտի տրուի: Բարեբախտաբատ այս ուղղութեամբ շատ մը մարմիններ եւ ֆոնտեր ստեղծուեցան, եւ յուսամ, որ պարկեշտօրէն բոլոր կարօտեալներուն կը հասնին, անկախ իրենց պատկանելիութենէն: