Օրերս Սուրիոյ բանակային զինուորագրման բաժանմունքի պատասխանատուներ յաջողած են բացայայտել պարտադիր եւ պահեստային տաիքի մէջ գտնուող շարք մը քաղաքացիներու «ճամբորդութեան արգելք չունենալու» համար եղած փաստաթուղթերու կեղծ ըլլալը: Այս մասին լուրը տուած է «Ալ Տիար»ը, որ նաեւ յայտնած է թէ կեղծուած փաստաթուղթերը, բացայայտուած են Սուրիոյ գաղթի եւ անձնագրերու վարչութեան կողմէ:
«Ալ-Ուաթան» թերթի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «ճամբորդութեան արգելք չունենալու» որեւէ թուղթի մասին կասկածելու պարագային կապ պիտի հաստատուի զօրակոչային բաժնին հետ, ստուգելու համար իւրաքանչիւր պարագայի ունեցած թուղթերուն ճշդութիւնը:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ փաստաթուղթեր կեղծողներն ու զանոնք կրողները պիտի ենթարկուին պատժական տնօրինումներու: