«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Ճօրճ Կիւլէսէրեան.
-Լաւատես է՞ք երկրին մէջ ընթացող ցոյցերով։
Որոշ տոկոսով լաւատես ենք, բայց ոչ՝ հարիւր տոկոսով։ Յուսանք, որ պզտիկ փոփոխութիւնները արագ կ՚ըլլան եւ երկրին մէջ յոյսը եւ իշխանութիւններուն հանդէպ վստահութիւնը կը վերականգնուին։
-Ցուցարարները պիտի կրնա՞ն յստակ եւ դրական փոփոխութիւններու հասնիլ։
Դժուար թէ իրենց բոլոր նպատակներուն հասնին, բայց որոշ բաներու կրնան հասնիլ եթէ միասնականութիւն գոյացնեն, այո՛, ինչո՞ւ չէ, եթէ տոկան եւ միասնականութիւն ցուցաբերեն անպայման կը հասնին դրական փոփոխութիւններու:
-Մտավախութիւններ կա՞ն, որ երրորդ կողմ մը, կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել «հինգերորդ շարասիւն» մը ցուցարարներուն մէջ թափանցէ եւ երկիրը տանի վտանգաւոր հունի մը. Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։
Անշուշտ նման մտավախութիւն կայ, մանաւանդ Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ, անոր համար զգուշ պէտք է ըլլանք ներքին կամ արտաքին թափանցման փորձերէ եւ թափանցողներէ. Գիտէք այսպիսի առիթներ օգտագործողները շատ են՝ գէշ նպատակներով:
-Լիբանանահայ շրջանակներու մասնակցութիւնը ինչպիսի՞ն է այս ցոյցերուն։
Լիբանանահայութիւնը բաւական լաւ մասնակցութիւն կը բերէ ցոյցերուն, ըլլայ փողոցը, ուր բաւական հայեր կը տեսնենք, ըլլայ ընկերային ցանցերուն վրայ, ուր բաւական հայորդիներու լուսաբանումներ, մեկնաբանութիւններ կը կարդանք:
Հայութիւնը մեծամասնութեամբ կը մասնակցի, որովհետեւ մենք ալ վերջ ի վերջոյ Լիբանանէն մասնիկ մըն ենք, այո՛, հայ ենք, մեր արմատները չենք մոռնար, բայց Լիբանանն ալ մեր երկրորդ հայրենիքն է, մենք ալ հոս կ'ապրինք, մենք ալ կը տուժենք այս իրավիճակէն, անոր համար մենք ալ փոփոխութիւն կ'երազենք:
-Եղած զարգացումները վատ ազդեցութիւն կրնա՞ն ունենալ լիբանանահայութեան վրայ։
Եթէ զարգացումները ժխտական ընթացք առնեն, բոլորս պիտի տուժենք, իսկ եթէ դրական ընթացք ունենան, Լիբանանցին ընդհանուր առմամբ պիտի օգտուի։ Անշուշտ ամէն բան կախում ունի դէպքերու ընթացքէն եւ մեզմէ շատ-շատերը յոյս ունին, որ գալք փոփոխութիւնները դրական իրավիճակի մը պիտի հանգեցնեն։