image

«Բանտէ Բանտ».Աւետիս Ռազմիկ

«Բանտէ Բանտ».Աւետիս Ռազմիկ

Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու, անոր ականատես վկաներու եւ Մեծ Եղեռնէն հրաշքով փրկուածներու յուշագրութիւնները արդէն պատկառելի գրադարան մը կրնան կազմել:

Անոնցմէ վերջիններէն է Յակոբ Տէր Կարապետեանի «Բանտէ Բանտ» հատորը, որ լոյս տեսաւ 2015-ին՝ Պէյրութ, հրատարակութեամբ՝ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան, խմբագրութեամբ՝ պատմաբան դոկտ. Երուանդ Քասունիի եւ թարգմանութեամբ՝ Եւնիկէ Տօգուզլեան-Եագուպեանի: Հատորը ենթավերնագրուած է «Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը ինքնակենսագրութիւնը»:

Հեղինակը իր կեանքի չարչարալից ուղին սկսած է գրել 1922-ին՝ Աթէնք եւ աւարտած 1933-ին՝ Պէյրութ: Ան գրած է հայատառ թրքերէնով եւ հրատարակած 1957-ին՝ «Բանտէ-Բանտ. Շղթայակիր Մարաշէն-Մուսուլ (1915-1919)» խորագիրով: Հեղինակին թոռը՝ դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեան կը ձեռնարկէ յուշագրութեան  անգլերէնի թարգմանութեան, որ լոյսին կու գայ 2004-ին՝ Նիւ Եորք՝ «Jail to Jail» խորագիրին տակ: Այս աշխատանքին կ'օժանդակէ նոյնինքն հեղինակի որդին՝ Յովսէփ Տէր Կարապետեան: Սակայն, հեղինակին փափաքը եղած է յուշագրութիւնը մատչելի դարձնել հայախօս ընթերցողներուն՝ հայերէնի թարգմանութեամբ, որ ահա իրականացաւ վերջերս Ե. Տօգուզլեան-Եագուպեանի բարեխիղճ աշխատանքով:

Հատորին ծանօթացումը «Որպէս Մուտք»ով կատարած է խմբագիր Ե. Քասունին: Ան կը նշէ. «Ինքնատիպ բովանդակութեամբ այս մեծարժէք յուշագրութիւնը բարեբախտաբար նաեւ գրուած է հետաքրքրական ու իւրայատուկ ոճով: Յուշագրողը գիտէ սեղմ տողերու մէջ շատ բան ըսել»:

200 էջանոց հատորին յուշագրութեան բաժինը կը գրաւէ էջ 11-153-ը: Անիկա կը բաղկանայ 33 ոչ ընդարձակ մասերէ՝ ունենալով նախաբան մը եւ վերջաբան մը:

Նախաբանին մէջ, առաջին իսկ նախադասութեամբ հեղինակը կը պարզէ իր միտք բանին՝ «Այս գիրքին նպատակը ոչ թէ միայն իմ անձնական տառապանքիս պատմութիւնը, այլ՝ ամբողջ ազգի մը տագնապը, հոգեվիճակը գրի առնելն է»: Անոր աքսորականի կեանքը կը սկսի Մարաշէն՝ հանգրուանելու համար Մուսուլ: Ի տես իր ապրած սահմռկեցուցիչ ոդիսականին եւ տեսած քասքնելի պատահարներուն՝ ան կը մտորէ. «Ոչ մէկ գազանութիւն անկարելի է այս աշխարհի մէջ, եւ պէտք է պատմուի, երբ կը պատահի»: Ան կարգ մը տեղեկութիւններ հաղորդելէ յետոյ Մարաշ եւ Մուսուլ քաղաքներուն շուրջ, կ'եզրակացնէ. «քալելով, սովորաբար մէկ ամիս կը տեւէր Մարաշէն Մուսուլ ճամբան, սակայն ինծի չորս տարի տեւեց»: Մեծ Եղեռնէն վերապրողներուն ճակատագիրը ան չի կապեր հարստութեան, պատահականութեան, բախտին կամ ճարպիկութեան, այլ՝ «իւրաքանչիւր վերապրող ողջ մնաց հրաշքով»:

Հեղինակին տառապալից երթուղին կը մեկնարկէ 1915-ին՝ Մարաշէն, երբ Աստուածաբանական ճեմարանի առաջին դասարանի ուսանող էր եւ տարեշրջանի աւարտին կը կանչուի օսմանեան բանակ՝ մասնակցելու Առաջին Աշխարհամարտին: Եւ կը սկսի երկարատեւ Գողգոթա մը՝ բանտէ բանտ, խուցէ խուց, նկուղէ նկուղ, անապատի եւ անջրդի բացատներու մէջէն՝ յաճախ նուաստացումներու, ծեծի, անսուաղութեան, պապակի եւ մերձիմահ պայմաններու մէջ: Նախ՝ մինչեւ Այնթապ, ձեռնակապերով շղթայուած, կ'անցնի Պազարճըքէն, Գարա Պայըգլը գիւղէն, ապա Օրուլ, Պէրէճիկ, Սուրուճ. ամէն հանգրուանի՝ ծեծի, մտրակումներու եւ անարգանքի ենթակայ:

Ահա զրոյց մը թուրք պաշտօնատարի մը հետ.

-Ի՞նչ է անունդ:

-Յակոբ:

-Ի՞նչ միլլէթի կը պատկանիս:

-Հայ:

-Այդ է ոճիրդ: Մեզի հրահանգուած է արտաքսել ձեզի նմանները: Մահն է ձեր միակ փրկութիւնը:

Հեղինակը բանտային պայմանները նկարագրելով՝ մեր դիմաց կը պարզէ ահաւոր պատկեր մը՝ խաժամուժ բանտակիցներէ մինչեւ գարշահոտութիւն, անօթութենէ մինչեւ վիրաւորանքներ, զզուելի միջատներէ մինչեւ ջուրի չգոյութիւն. սակայն բաղդատելով տաժանալից ճանապարհորդութեան հետ՝ կը գրէ. «Ինչ հեգնական էր, մտածեցի, այս տանջալի բանտին մէջ էինք եւ տակաւին լաւ կը զգայինք»: Ան հաւատացեալ է, Աւետարանին կառչած եւ կը մխիթարուի՝ «ամենէն արժէքաւոր գանձս՝ Աստուածաշունչը»:

Ապա Ուրֆա, քրտական տարբեր գիւղեր, Գելլէր, ուր ան գոհունակութեամբ կը գրէ. «Գելլէրի մէջ չծեծուեցանք»: Որմէ ետք՝ Սեւերէկի բանտը՝ «մեզ կը կոչէին յիմարներ, ինչ որ մեր ածականը եղաւ»: Ան բազմիցս կը զգայ մահուան եզրին մօտենալը՝ կա՛մ անսուաղութենէ, կա՛մ ծեծի հարուածներու տակ եւ կա՛մ ծարաւէ ուշաթափ: «Անցանք քանի մը գիւղերէ, սովորական նախատիքներու եւ քարերու տակ, որոնք մեր վրայ կը նետուէին»: Այնուհետեւ՝ «Դժուար է մտածել բանտը իբրեւ հանգիստի վայր, բայց իրականութիւնը այդ էր: Այսօր ծեծուած էինք տղամարդոց կողմէ, կիներու կողմէ, մեր ինչքերը առնուած էին մեզմէ. սակայն մեր կեանքերը ունէինք»: Ապա՝ Մերտինի բանտը, Թէլ Էրմէն, Նիսիպին, Ճեզիրէ, Զախօ, Տահուք: Կը հասնին քրիստոնեայ գիւղ մը. «Շրջեցայ եւ գտայ եկեղեցի մը: Դուռը բաց էր (ինչպէս որ էր սովորութիւնը), ներս մտայ: Պարապ էր, սակայն մինակ չզգացի: Աղօթեցի, կարծես երբեք աղօթած չըլլայի նախապէս: Եկեղեցիի մէջ չէի եղած Մարաշէն տարագրուելէս ի վեր: Ամբողջ ցաւս եւ տառապանքս փոխանցեցի Աստուծոյ մեծ ուսերուն՝ յորդառատ արցունքներով: Ասոնք արցունքներ էին, որոնք կը խորհէի թէ ցամքած էին երկար ատենէ ի վեր: Կորսուած երեխայի նման էի որ գտած էր իր մայրը, ազատ եւ ուրախ: Շնորհակալ էի որ ողջ էի»: Եւ վերջապէս վերջին կայանը՝ Մուսուլ, ուր համեմատաբար ազատ կ'ապրի հեղինակը: Կը փնտռէ հայկական եկեղեցին, ականատես կ'ըլլայ հայ գաղթականներու հոսքին, դժուարին առօրեային, կը մասնակցի հոգեւոր եւ ազգային կեանքին՝ օժանդակելով տարագրեալներուն: Կը հիւանդանայ եւ հիւանդանոցին մէջ կ'անցնի քարոզչութեան: Հետաքրքիր է, որ ան միշտ կ'ապրի յոյսով, Աստուծոյ զօրութեամբ եւ լաւատեսութեամբ. «Կը նախանձէինք մեռնողներուն, որովհետեւ անոնք այլեւս պիտի չտառապէին» . «Մէկզմէկու յոյս կու տայինք եւ կ'աղօթէինք իրարու համար, միշտ գիտնալով որ մենք անօթի առիւծին սուր ակռաներուն միջեւ կը պարէինք». «Բոլոր առիթներուն, զորս ունէի, կը թելադրէի մարդոց իրենց յոյսը չկտրել, եւ ըլլալ համբերող»:

Մուսուլի մէջ որոշ շրջան մը ապրելէ յետոյ քաղաքը կը գրաւեն անգլիական զօրքերը: Օսմանեան ջախջախուած բանակը կը հեռանայ: Կեանքի պայմանները կը բարելաւուին՝ ապահովութիւն, կենցաղային պայմաններ, աշխատանք, հոգեւոր սնունդ եւ այլն. «Մոռցած էի թէ ի՛նչ զգացում էր իսկապէս ազատ ըլլալ եւ ազատ զգալ: Ուրախ էի որ ազատ էի: Սակայն աւելի ուրախ էի տեսնելով որ ուրիշներ ինչպէս կը գրկեն իրենց ազատութիւնը: Տակաւին աղքատ եւ անտուն էի, սակայն ազատ էի եւ ունէի իմաստալից աշխատանք»: Ան կ'աշխատի անգլիացիներու մօտ եւ գոհ է, բաւարարուած: Սակայն, յաղթական Դաշնակիցներու կողմէ Կիլիկիոյ ազատագրումը, հայ զանգուածին վերադարձը հոն, կը մղէ հեղինակը ինք եւս մեկնելու իր ծննդավայրը՝ Մարաշ, վերամիանալու իր ընտանիքին եւ նշանածին՝ Նոյեմի Նաճարեանին: Ան կը դիմէ Տոքթ. Նիքըլսոնին իր մտադրութիւնը յայտնելու եւ գործէ արձակուելու համար: Նկատարժան է անգլիացիին կանխատեսումն ու բարեացակամ զգուշացումը. «Բրիտանացիները ներկայիս գրաւած են շրջանը, եւ ամէն բան հանդարտ է, ամենայնդէպս հոն ոչ մէկուն կը պատկանի: Բրիտանացիները հոն են այսօր, վաղը հոն կրնան չըլլալ». վերադարձող հայոց համար՝ «Անոնք հոն կ'երթան մեռնելու, կ'ուզե՞ս մահուան թակարդին մէջ իյնալ»:

Ապա ան Հալէպի եւ Այնթապի ճամբով կը վերադառնայ Մարաշ: Յուզախառն վերամիացում նշանածին եւ ամուսնութիւն Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ՝ 1919: Հօրը կը վերագտնէ, բայց մայրն ու երկու եղբայրները մահացած են անապատին մէջ: Կ'անցնի գործի, քարոզչութեան եւ խաղաղ կեանքի... մինչեւ 1920 թ. երբ Մարաշ թիրախ կը դառնայ քեմալականներու յարձակումին: Ֆրանսական զօրքերուն լքումն ու հեռացումը, ժողովուրդին խուճապային փախուստը եւ յուսահատութիւնը կը մղեն նոր տեղահանութեան: Մարաշ մոխիրներու եւ աւերակներու մէջ է. ձիւնին ու դաժան պայմաններու մէջ կը լքեն Մարաշը: Հայեր կը կազմակերպեն դիմադրութիւն եւ հաւաքական նահանջ: Ան իր տիկնոջ հետ Մարաշէն կ'անցնի Ատանա, Թարսուս, Մերսին եւ Զմիւռնիա: 1922-ին Զմիւռնիոյ անկումէն եւ հայոց ու յոյներու կոտորածէն առաջ կ'անցնի Աթէնք. կ'ունենան երկու զաւակ: Հակառակ խոր եւ անայլայլ Աստուածավախ ըլլալուն, ան կը մտորէ. «Պէտք է խոստովանիմ նաեւ, թէ ժամանակներ եղան, երբ ես չկրցայ փորձութեան դիմադրել, մտածելով, թէ՝ թերեւս Աստուած սխալած է՝ թոյլ տալով այսպիսի չարիքներու գործադրութիւնը»:

Հեղինակը աւելի ուշ կ'ապրի թափառական կեանք մը՝ Պէյրութ, Պաղտատ, Դամասկոս, Հալէպ, Մուսուլ, Երուսաղէմ: Կը մահանայ 1958-ին՝ Պէյրութ՝ գրելէ եւ տպագրելէ յետոյ իր սոյն յուշագրութիւնը:

 Հատորին մէջ կան լուսանկարներ, քարտէզներ: Տեղանուններու եւ յատկանշական դէմքերու ծանօթագրութիւնները կատարած է խմբագիրը (21 յղում): Որպէս «Յաւելուած» տրուած է Գր. Գալուստեանի մէկ յօդուածը Մարաշի մասին («Աւետաբեր» 7 Մարտ 1908, թիւ 10):

Գիրքը գեղարուեստական արժէք մը չունի, ոչ ալ պատմագիտական տուեալներու վրայ կառուցուած է: Սակայն՝ անոր կարեւորութիւնը կը կայանայ սերունդի մը քստմնելի փորձառութիւնը հարազատօրէն ներկայացնելու մէջ: Կարելի է ըսել արցունքով եւ արիւնով գրուած հատոր մըն է, որ նոր սերունդին պիտի պատգամէ՝ չմոռնա՛լ մեր նախնիներուն տառապանքը՝ յանուն ազգին եւ վերապրումի. չմոռնա՛լ մեր չարչարակոծ անցեալը՝ ուծացման, ձուլման եւ օտարացման մեր երախտամոռ ժամանակներուն:

 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ  

 

«Արարատ»