Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն համար Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը մեծ հարուած դարձաւ, գրած է Politico-ն:
Այդ քայլը անսպասելի չէր Պոլսոյ յունարէնով տպագրուող միակ թերթի՝ Apoyevmatini-ի սեփականատէր Մինաս Վասիլիատիսի համար: «Սուրբ Սոֆիայի խնդիրը նոր չէ»,-նշած է Վասիլիատիսը:
Թուրքիոյ քրիստոնեաները զգուշութիւն կը ցուցաբերեն եւ քիչ կը խօսին այդ մասին: Օրինակ, Պոլսոյ հայ պատրիարքը յունիսին աջակցած է Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ պատարագներու վերսկսման, չնայած որ ան առաջարկած է աղօթքի համար տեղ տրամադրել ինչպէս քրիստոնեաներուն, այնպէս ալ իսալամներուն:
Վասիլիատիսը մանրակրկիտօրէն ընտրած է բառերը. «Կան մարդիկ, որոնք կը ծափահարեն այդ որոշման: Որոշումը քաղաքին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն կը ստիպէ ուշադիր ըլլալ, թէ ինչ կ'ըսեն, քանի որ իրենց կրնան սխալ հասկնալ»:
Որոշումէն առաջ պատրիարք Վարֆոլոմէյը զգուշացուցած է, որ շատ քրիստոնեաներու իսլամի դէմ կը տրամադրէ:
Սակայն Թուրքիոյ քրիստոնեաները մտավախութիւն ունին, որ հակառակը տեղի կ'ունենայ:
«Իսլամիստական եւ ազգայնական մթնոլորտը Թուրքիոյ քրիստոնեաներու կեանքը անյարմարաւէտ կը դարձնէ: Տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը լարուածութիւն կ'առաջացնէ»,-ըսած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Էտուարտ Տանձիկեան:
Անոր խօսքով՝ այդ որոշումը Թուրքիոյ պահպանողական կառավարութեան կողմէ վերջին ազգայնական քայլն էր:
1914 թուականին, քրիստոնեաները կազմած են ժամանակակից Թուրքիոյ բնակչութեան մօտ 20 տոկոսը, սակայն 20-րդ դարու առաջին կէսին տեղի ունեցած են զանգուածային սպանութիւններ, ջարդ, ներառեալ՝ 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութիւնը, որու հետեւանքով զոհուած է 1,5 մլն հայ, յիշեցուցած է Politico-ն:
Այսօր կը համարուի, որ երկրին մէջ կայ մօտ 100 000 քրիստոնեայ, անոնց կարգին ուղղափառ յոյներ, հայեր եւ ասորիներ:
«Կը Կարծեմ, որ միակը, որ համաձայն չէ այդ որոշումին հետ, ուղղափառ համայնքն է, քրիստոնեաները յատուկ ուշադրութիւն չեն դարձներ այդ հարցին եւ այդ կը համարեն Թուրքիոյ ներքին խնդիր: Անհնար է ստիպել բոլորը գոհ ըլլալ որոշումէն»,-ըսած է աքթիւիսթ Էմրէ Չելիկը, որ կազմակերպած է ի աջակցութիւն տաճարը մզկիթի վերածելու հաւաքը:
Տանձիկեան համաձայն չէ անոր հետ. «Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ ես միշտ համաշխարհային ժառանգութիւն տեսած եմ: Ես միշտ մտածած եմ, որ ան կը պատկանի աշխարհին: Ցաւալի է, որ մենք կորսնցուցինք այդ համաշխարհային ժառանգութիւնը»: