image

«Ասատ սպասուածէն աւելի ուժեղ է». Անկէլա Մէրքէլ

«Ասատ սպասուածէն աւելի ուժեղ է». Անկէլա Մէրքէլ

   Գերմանիոյ վարչապետ Անկէլա Մէրքէլի կարծիքով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սպասուածէն աւելի ուժեղ նախագահ է: Մէրքէլ, որ այս յայտարարութիւնը կատարած է Պէրլինի մէջ  եղած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նաեւ ըսած է, որ «շատ կարեւոր է, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման շրջան մը ընթացք առնէ, որու շնորհիւ երկրին մէջ ազգային համաձայնութիւն եւ հաշտութիւն պիտի գոյանայ»: Գերմանիոյ ամէնէն ուժեղ կինը նաեւ ըսած է, որ Պաշշար Ասատ կը վայելէ իր  ժողովուրդին զօրակցութիւնը եւ այդ մէկը պէտք է խթան դառնայ, որ Սուրիան թեւակոխէ ազգային համաձայնութիւններու եւ հաշտեցման կարեւոր փուլ մը:

 

 Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ նմանատիպ յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան Իվ Լա Տըրիոն, յայտնելով, որ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը չի խանգարեր «Տահէշ»ի դէմ ընթացք առած գործողութիւններու յաջողութեանը: