Գանատայի Բնապահպանութեան նախարար Քաթրին Մաքինա ներողութիւն խնդրած է «Թուիթըր»ի իր նախարարական էջին կատարուած գրառման համար, ուր նշուած էր, թէ Գանատայի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կ'ողջունէ Դամասկոսի անդամակցումը Փարիզի «Կլիմայի համաձայնագիր»ին:
Նախարարը իր անձնական էջէն նոր գրառմամբ մը յայտարարած է, թէ իր նախարարական էջին վրայ յստակօրէն սխալմունք տեղի ունեցած է, այնուհետեւ հրահանգած է ջնջել նախարարութեան էջին հրապարակուած գրառումը:
Նախարարը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է նաեւ, որ «Գրառումը երբեք ընդունելի չէր», աւելցնելով, որ այն տեսած պահուն ինք հրահանգած է իր գրասենեակին անմիջապէս ջնջել գրառումը:
Նշենք, որ անցնող երեքշաբթի օր Պոնի մէջ կայացող Կլիմայի 23-րդ համագումարի ընթացքին Սուրիա յայտարարած էր, որ որոշած է միանալ Կլիմայի համաձայնագիրին: