Իսրայէլեան 14-րդ հեռուստակայանը յայտնած է, որ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող իր դեսպանութիւնները, պահանջելով Թրամբի ելոյթի նախօրէին սաստկացնել արտակարգ իրավիճակը:
Զգուշացումներու պատճառը, ըստ աղբիւրին, այն հաւանականութիւնն է, թէ Թրամբ կրնայ իր ելոյթի ընթացքին Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալ:
Նշենք, որ Սպիտակ Տունը նախապէս յայտարարած էր, որ նախագահ Թրամբ ոչ մէկ որոշման մասին պիտի յայտարարէ, եթէ դեսպանութեան Երուսաղէմ տեղափոխումը կրկին պիտի յետաձգուի: