Ռուս ռազմագէտ Վիքթոր Մորախովսքի «Սփութնիք»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ ռազմական գետնի վրայ ԱՄՆ-ի կրած պարտութիւները յուսահատութեան չեն մատնած այդ երկիրը, որովհետեւ վերջինս շարք մը այլընտրանքային խաղաթուղթեր ունի, որոնցմէ իւրաքանչիւրի անյաջողութեան պարագային անցում կը կատարէ յաջորդին:
«Յստակ է, թէ ԱՄՆ կը ջանայ իր համար յենակէտ ստեղծել Սուրիոյ մէջ, որպէսզի կարողանայ միջամտել երկրի քաղաքական կեանքին մէջ, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Սուրիոյ պատերազմն իր աւարտին հասաւ: Ամերիկեան կողմին մուտքը Սուրիա անկարելի է, եթէ վերջինս կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ իր կողմէ նշանակուած անձեր չունենայ, որոնք կրնան ազդել երկրի ընդհանուր քաղաքական կեանքին վրայ»,- ըսած է Մորախովսքի:
Ռուս ռազմագէտին համոզմամբ, առաջին անգամ չէ, որ ԱՄՆ կը փորձէ միջամտել Սուրիոյ ներքին կեանքին, եւ այդ մէկը վերջին անյաջողութիւնն պիտի ըլլայ անոն համար: Անոնց անյաջող փորձերէն գլխաւորը Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր զինեալ ջոկատ կազմելու փորձն էր, որուն համար ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շատ մեծ գումարներ ծախսեց, ստեղծելու համար Ասատին դէմ մարտնչող միաւորներ, ինչպէս նաեւ զանոնք մարզելու եւ զէնքով ապահովելու համար:
Ստեղծուած ջոկատը, ըստ Մորախովսքիի, Սուրիա-Յորդանան սահմանին հասնելով շատ արագ մասնատուեցաւ, իսկ անոր մաս կազմող անհատներէն մէկ մասը փախուստի դիմեց, ուրիշներ միացան «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման, մինչդեռ ԱՄՆ-ի խոշորագոյն վնասը եղաւ այդ ջոկատին միջոցով «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման ձեռքն անցած զինամթերքը:
Զրոյցի աւարտին Մորախովսքի նշած է, որ այսօր ալ ԱՄՆ կը ձգտի կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ չգտնուող շրջաններուն մէջ նորանոր զինեալ խմբաւորումներ ստեղծել, զորս աւելի ուշ պիտի ջանայ ներառել պետութեան մէջ ու անոնց միջոցով ազֆել երկրի քաղաքականութեան վրայ: